Որոնել

Կարդինալ Ժոզէֆ Մաթիու Կարդինալ Ժոզէֆ Մաթիու  

Թեհրանի Արքեպիսկոպոսին կոչը. «Դադրեցնելու Ծոցի պատերազմը»

Հռոմի Սուրբ Խաչ Երուսաղէմի տաճարին մէջ տեղի ունեցած խաղաղութեան հսկումին ընթացքին, Թեհրանի եւ Հռոմի ծիրանաւորները միասնաբար դատապարտեցին պատերազմի ու փոխվրէժի տրամաբանութիւնը՝ կոչ ուղղելով որդեգրել երկխօսութեան նոր ուղիներ։ Հոգեւորականները յատուկ անդրադարձ կատարեցին Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի մոռցուած հակամարտութիւններուն՝ շեշտելով, որ իրական խաղաղութիւնը ոչ թէ դիւանագիտական ռազմավարութիւն է, այլ քրիստոնէական արժէքներու վերագտնում։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աւագ երկուշաբթի, երեկոյեան, Հռոմի Սուրբ Խաչ Երուսաղէմի պազիլիքային մէջ հնչեց խաղաղութեան վերահաստատման հրատապ կոչը՝ աշխարհի բազմաթիւ հակամարտութիւններուն լոյսին տակ։ Աղօթքի հսկումը նախագահեց կարդինալ Պալտօ Ռէյնան,  ներկայ էր նաեւ Իրանի մայրաքաղաքի Լատինաց թեմի առաջնորդ կարդինալ Տոմինիք Մաթիէոն։

Պատերազմը անդարձ արկածախնրութիւն է

Իր խօսքին մէջ, Թեհրան-Սպահանի լատինաց արքեպիսկոպոս Տոմինիք Ժոզէֆ Մաթիէոն, որ անցեալ մարտ 8-ին ստիպուած եղած էր լքել Իրանի մայրաքաղաքը, վերահաստատեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի պատմական պատգամը։ «Այլեւս երբե՛ք պատերազմ. Անիկա անդարձ արկածախնրութիւն է, սգատօնի եւ բռնութեան ոլորապտոյտ»։

Կարդինալը Աստուծոյ միջնորդութիւնը հայցեց, որպէսզի դադրի Ծոցի պատերազմը եւ վերջ տրուի փոխրէժի ու ատելութեան տրամաբանութեան։
«Սուրբ Հոգին թող ներնշչէ նոր լուծումներ, վեհանձն ու պատուաբեր ժեսթեր, երկխօսութեան տարածքներ եւ համբերատար սպասում, որոնք աւելի պտղաբեր են, քան պատերազմի ժամկէտները», ըսաւ Ան։

Մոռցուած հակամարտութիւններ

Աղօթքի հսկումը, որ կազմակերպուած էր Հռոմի թեմի առաքելական եւ ընկերային գրասենեակներուն ու «Pax Chrisi» շարժումի կողմէ, չանտեսեց նաեւ աշխարհի «մոռցուած» պատերազմները, յատկապէս Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան արեւելքը եւ Սուտանը։

Սակայն ուշադրութեան կեդրոնը մնաց Միջին Արեւելքը։ Յարաբերական սփոփանքով նշուեցաւ Իսրայէլի իշխանութիւններուն որոշումը՝ թոյլատրելու Աւագ Շաբթուայ արարողութիւնները, թէեւ անվտանգութեան սահմանափակումներով։ Այս որոշումը եկաւ այն բանէն ետք, երբ նախապէս մուտքի արգելք դրուած էր Երուսաղէմի Պատրիարք կարդինալ Փիեռպաթիսթա Փիցապալլայի եւ Սուրբ Երկրի Պահապան հայր Ֆրանչեսքօ Իելփոյի առջեւ։

«Բազմաթիւ Անմեղ Խաչեալներ»

Կարդինալ Ռէյնան, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, շեշտեց Սուրբ Խաչ Երուսաղէմի տաճարի խորհրդանշական դերը, ուր կը պահուին Քրիստոսի խաչափայտի մասունքները։ «Պատմութիւնը կը կրկնուի. այսօր կան բազմաթիւ անմեղ խաչեալներ։ Պապը կը հրաւիրէ բոլոր քրիստոնեաները աղօթելու խաղաղութեան համար։ Մարդկութիւնը կ’ապրի ողբերգական պահեր»,- նշեց ան։

Իր քարոզին մէջ կարդինալ Ռէյնան ցաւով հարց տուաւ. «Ինչպէ՞ս կարելի է, որ մարդը դաս չէ քաղած պատմութեան այս տարրական դասէն, թէ բռնութիւնը միայն նոր բռնութիւն կը ծնի»։ Ան եզրափակեց՝ ըսելով, որ խաղաղութիւնը պարզապէս դիւանագիտական ընտրութիւն կամ ռազմավարութիւն չէ, այլ Քրիստոսի ներկայութիւնն է մեր տառապող պատմութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2026, 11:03