Որոնել

2025.06.27 Santa Messa con Ordinazioni Sacerdotali

Կղերի Վերատեսչութեան պատգամը քահանայական կարգի հաստատման տօնին առիթով

Աւագ Հինգշաբթիի առիթով, Կղերի Վերատեսչութիւնը երախտագիտութեան պատգամ մը յղեց հոգեւորականներուն՝ քաջալերելով զանոնք քահանայութիւնը ապրիլ որպէս Քրիստոսի հետ մտերիմ բարեկամութենէ բխող զոհողութիւն եւ ծառայութիւն: Պատգամը յատուկ շեշտ դրաւ նաեւ սարկաւագներուն եւ նորընծաներուն անկեղծ նուիրումին վրայ՝ հակամարտութիւններով լեցուն այս օրերուն զանոնք որակելով որպէս յոյսի եւ խաղաղութեան վկաներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2026-ին, Աւագ Հինգշաբթիի եւ Քահանայական կարգի հաստատման խորհուրդին առիթով, Կղերի Վերատեսչութիւնը յատուկ պատգամ մը ուղղեց աշխարհի բոլոր քահանաներուն, սարկաւագներուն եւ նորընծաներուն։ Պատգամը երախտագիտութեան եւ քաջալերանքի կոչ մըն է՝ վերահաստատելու համար եկեղեցական սպասաւորներուն նուիրումը։

Երախտագիտութիւն լուռ եւ անձնուէր ծառայութեան Համար

Պատգամին մէջ առանձնակի շնորհակալութիւն կը յայտնուի այն բոլոր հոգեւորականներուն, որոնք յաճախ լուռ ու աննկատ կերպով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։

«Շնորհակալութիւն ձեր ամէնօրեայ "այո"-ին համար, նոյնիսկ յոգնութեան, առանձնութեան եւ անհասկացողութեան պահերուն», նշուած է գիրին մէջ, շեշտելով, որ քահանան Քրիստոսի ներկայութեան կենդանի նշանն է ժողովուրդին մէջ։

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը. Յոյսի եւ բարեկամութեան ոգիով

Պատգամը կը մէջբերէ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին խօսքերը՝ արտասանուած 2025-ի Յոբելենական տարուան ընթացքին, ուր ան քահանան կը սահմանէ որպէս «Տիրոջ բարեկամ»։

Զոհողութիւն եւ Ծառայութիւն

Պատգամին մէջ կը շեշտուի, որ քահանայութիւնը պարզապէս «դեր» մը չէ, այլ Քրիստոսի հետ մտերիմ բարեկամութենէ բխող զոհողութիւն եւ ծառայութիւն։

Զոհողութիւն. Ոչ թէ որպէս հրաժարում, այլ որպէս սեփական կեանքի ընծայում Աստուծոյ եւ եղբայրներուն։

Ծառայութիւն. Որպէս սիրոյ գործնական արտայայտութիւն՝ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, որ լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը։

Կոչ՝ սարկաւագներուն եւ նորընծաներուն

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սարկաւագներուն՝ որպէս «Ծառայող Քրիստոսի» տեսանելի դէմքերը, եւ նորընծաներուն, որոնցմէ կը պահանջուի ըլլալ անկեղծ, խանդավառ եւ հաւատքով լեցուն։

Պատգամը կ’աւարտի Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ուղղուած աղօթքով՝ մաղթելով, որ Յարուցեալ Տէրը լոյս եւ խաղաղութիւն պարգեւէ բոլորին, յատկապէս հակամարտութիւններով լեցուն այս ժամանակներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2026, 08:00