Հռոմի մէջ նախատեսուած Մանուկներու համաշխարհային օրը ջնջուեցաւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի վերատեսչութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց սեպտեմբերի վերջաւորութեան Հռոմի մէջ նախատեսուած Մանուկներուն համաշխարհային Բ. Օրուան չեղարկումը։ Այս որոշումը կու գայ ի հետեւանք Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին կողմէ անցեալ փետրուար 12-ին հրապարակուած ձեռագիր կոնդակին։
Տեղական մակարդակի հանդիսութիւններ
Վատիկանի հրապարակած հաղորագրութեան մէջ կը նշուի, թէ որոշումը առնուած է Քահանայապետին հետ խորհրդակցաբար։ Թէեւ կեդրոնական Մանուկներու համաշխարհային օրը չեղեալ համարուած է, սակայն նոյն յայտարարութիւնը կը յստկացնէ հետեւեալը.
Մանուկներուն Հովուական ծառայութեան ուղղուած բոլոր նախաձեռնութիւնները կրնան տօնակատարուիլ թեմական կամ ծխական մակարդակով՝ ըստ տեղական առաջնորդներուն հայցեողութեան։»
Ընտանիքին Դերը
Վերատեսչութիւնը կը շեշտէ, որ այս ձեռնարկները պէտք է իրականանան ընտանիքներու անմիջական մասնակցութեամբ, զանոնք որակելով որպէս «իւրաքանչիւր երեխայի մարդկային եւ հոգեւոր աճման բնական վայրը»։
Յայտարարութեան աւարտին Վատիկանը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ զօրավիգ կանգնելու ընտանեկան հովուական ծառայութեան՝ իր բոլոր բաղադրիչներով, կարեւորելով մանուկներու դաստիարակութիւնը եկեղեցական համայնքէն ներս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ