Պէյրութի վրայ աննախադէպ յարձակումներ - Լիբանանը խաղաղութիւն կը տենչայ. Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Լիբանանի մէջ առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Փաոլօ ՊորՃա, Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Պէյրութի մէջ ծանր կացութիւնը նկարագրած է իբրեւ աննախադէպ։
Ան նշած է որ ընդամէնը տասը վայրկեաններու ընթացքին բազմաթիւ գրեթէ միաժամանակեայ իսրայէլեան հարուածներ մահ եւ լայնածաւալ աւերածութիւն պատճառած են։ Ըստ նախնական տուեալներու՝ տասնեակ զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ կան, սակայն թիւերը կրնան աճիլ, քանի որ շատեր տակաւին մնացած են փլատակներուն տակ։
Աքրեպիսկոպսը, որ վերջերս հարաւային շրջաններու մարդասիրական առաքելութենէն վերադարձած է, վկայած է, որ մայրաքաղաքը քաոսի մէջ է՝ ծանր երթեւեկութեամբ, շտապօգնութեան ազդանշաններով եւ շարունակուող հարուածներով։
Գերապ. Պորճան շեշտած է, որ Լիբանանը զինադադարէն դուրս ձգելը մտահոգիչ է եւ կոչ ուղղած է անյապաղ հրադադարի ու բանակցութիւններու սկսման։ Անոր համաձայն՝ միայն դիւանագիտական ուղին կրնայ դադրեցնել բռնութիւնը եւ բանալ կայուն խաղաղութեան դուռը։
Բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ ծանր պայմաններ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ տեղահանուած են, տնտեսական կեանքը խաթարուած է, իսկ անորոշութիւնը կը ճնշէ բոլորին վրայ։ Սակայն, հակառակ այս դժուարութիւններուն, շատեր կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց հողին ու յոյսին, նշած է ի միջի այլոց Գերապայծառ Պորճա։
Յայտնենք` որ Լիբանանի հարաւ կատարած վերոնշեալ մարդասիրական առաքելութեան ընթացքին՝ մարոնիթ պատրիարք Պշարա Պութորս Ռայիի ընկերակցութեամբ, Նուիրակը անձամբ ականատես եղած է ժողովուրդի տառապանքին. զանգուածային տեղահանութիւններ, ընտանիքներ որոնք հարկադրուած են թողուլ իրենց ամէն ինչ եւ խոր մեկուսացման զգացում, մանաւանդ ամենէն շատ տուժած շրջաններուն մէջ։
Տասնամեակներ տեւող ճգնաժամի շրջանակէն ներս, Լիբանանը դարձեալ կ՚ապրի աւերածութիւն եւ անորոշութիւն։
Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերը, որոնք կը կոչեն երկխօսութեան եւ խաղաղութեան, արձագանգ կը գտնեն ոչ միայն քրիստոնեաներուն, այլ նաեւ այլ կրօնական համայնքներու մօտ։ Պատգամը յստակ է․ պատերազմը կը բերէ միայն մահ, մինչ խաղաղութիւնը միակ ուղին է՝ յոյս եւ ապագայ վերադարձնելու երկրին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ