Որոնել

Գերպ. Էթթորէ Պալեսթրերօ. «Տիեզերքն ու մարդկութիւնը, . ընդհանուր բարիքի նոր սահման մը»

NASA-ի «Artemis II» առաքելութեան մեկնարկին առիթով, «Caritas in Veritate» հիմնադրամը տեսանիւթ մը հրապարակած է տիեզերքի հետազօտման եւ բարոյական սկզբունքներու մասին: Արքեպիսկոպոս Էթթորէ Պալեսթրերօ, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ, կը շեշտէ. «Տիեզերքը պէտք է մնայ համամարդկային բարիք՝ յստակ իրաւական կանոններով եւ պատասխանատուութեամբ՝ հանդէպ գալիք սերունդներուն»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ապրիլ 1-ին, Ֆլորիտայի Քենետի տիեզերական կեդրոնէն նախատեսուած է «Artemis II» առաքելութեան թռիչքը: Սա NASA-ի լուսնային ծրագրի երկրորդ հանգրուանն է եւ առաջինը՝ անձնակազմով: Չորս տիեզերագնացներ պիտի թռչին երկրային ուղեծիրէն անդին՝ շրջանցելով Լուսինը: Այս քայլը ճանապարհ պիտի հարթէ «Artemis III»-ի համար, որուն նպատակն է 53 տարի անց մարդը վերադարձնել Լուսնի մակերես:

Այս իրադարձութեան ընդառաջ, Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդ եւ «Caritas in Veritate» հիմնադրամի նախագահ, գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերօն ներկայացուցած է «Տիեզերքը եւ մարդկութիւնը երկնտրանքի առջեւ» խորագրով նոր տեսանիւթը: Այս նախաձեռնութիւնը կը միաձուլէ գիտութիւնը, աստուածաբանութիւնը եւ միջազգային իրաւունքը՝ քննարկելու համար տիեզերքի հետ մարդու յարաբերութեան սկզբունքները:

Տիեզերքը «ոչ մէկուն հողը» չէ

Ըստ արքեպիսկոպոսին, տիեզերքի մասին մտորումը հրատապ է, որովհետեւ այն Աստուծոյ գործն է եւ կը հնազանդի Անոր օրէնքներուն: «Տիեզերքը նուաճումներու անօրէն դաշտ մը չէ, ուր կը տիրէ "առաջին եկողը առաջինը կը սպասարկուի" սկզբունքը»,— կը նշէ ան: Մարդկութիւնը այսօր կը կայացնէ բարոյական որոշումներ, որոնք կրնան կառուցել կամ կործանել մեր ապագան:

«Overview Effect»․ տեսնել երկիրը առանց սահմաններու

Գերապայծառը կը յիշեցնէ տիեզերագնացներու ապրած «overview effect»-ը (ընդհանուր տեսարանի ազդեցութիւնը): Տիեզերքէն Երկիրը կ'երեւայ փոքրիկ, փխրուն եւ առանց բաժանարար գիծերու: Այս պատկերը հակասութեան մէջ է մեր մոլորակի վրայ տիրող պատերազմներուն եւ բռնութիւններուն հետ: Ինչպէս Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը ըսած էր տիեզերագնացներուն. «Անհեթեթ է կռուիլ ու սպաննել իրար, երբ բոլորս կ'ապրինք մէկ ընդհանուր Երկրի վրայ»:

Վտանգաւոր մրցակցութենէն դէպի համագործակցութիւն
Սուրբ Աթոռը մտահոգութիւն կը յայտնէ տիեզերքի հնարաւոր ռազմականացման շուրջ: Թէեւ 1967-ի միջազգային պայմանագիրը կ'արգիլէ միջուկային զէնքի տեղադրումը ուղեծիրին վրայ, սակայն յստակ չէ արգելքը սովորական զէնքերու կամ կիպեր-յարձակումներու պարագային:

«Տիեզերական պատերազմը երբեք չի կրնար յաղթանակով աւարտիլ»,— կը զգուշացնէ Պալեսթրերօն: Ան կոչ կ'ընէ հաւասարակշռել մրցակցութիւնը համագործակցութեամբ: Տիեզերական արհեստագիտութիւնը պէտք է ծառայէ մարդկային արժանապատուութեան՝ բարելաւելով առողջապահութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը եւ օգնելով կարիքաւոր համայնքներուն:

Գիտութիւն եւ Հաւատք

Հարցազրոյցի աւարտին, արքեպիսկոպոսը կը շեշտէ, որ գիտութիւնն ու հաւատքը չեն հակասեր իրարու. «Գիտութիւնը կը բացատրէ թէ ինչպէս, իսկ հաւատքը կը լուսաւորէ մարդկային գործունէութեան վերջնական ինչուն»: Վատիկանը, իր դարաւոր Աստղադիտարանով (Specola Vaticana), կը շարունակէ քաջալերել գիտական յառաջդիմութիւնը՝ ի սպաս համաշխարհային խաղաղութեան եւ ընդհանուր բարիքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2026, 10:12