Որոնել

2026.03.31 FOTO PER ITW BALESTRERO SPAZIO

Լեւոն Պապը միջազգային օրէնքի խախտումները դատապարտող սակաւաթիւ ձայներէն մէկն է. Գերապայծառ Պալեսթրերօ

13 Մայիսին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած «Ռոզարիօ Լիվաթինօ» ուսումնասիրութեանց կեդրոնի համագումարին ընթացքին, Ժընեւի մէջ ՄԱԿի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դէտը անդրադարձաւ միջազգային համակարգի խոր ճգնաժամին: Ըստ անոր, բազմակողմանիութիւնն ու փոխկախուածութիւնը, որոնք անցեալին կայունութիւն կ'ապահովէին, այսօր վերածուած են ճնշման եւ սպառնալիքի միջոցներու, ինչ որ կը տկարացնէ խաղաղութեան կոչերու ազդեցութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի մշտական դէտ` Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերոն մասնակցեցաւ ու ելոյթ ունեցաւ «Rosario Livatino - Ռոզարիօ Լիվաթինօ» ուսումնասիրութեանց կեդրոնի հրաւիրած համագումարին, որ կայացաւ անցեալ 13 Մայիսին,  Իտալիոյ Սենատի մէջ։

Արժէքներու ճգնաժամ

Իր խօսքին մէջ Գերապայծառը շեշտեց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապի ձայնը այսօր սակաւաթիւ ձայներէն մէկն է, որ «համակարգուած եւ աներկբայ կերպով» կը դատապարտէ միջազգային օրէնքի եւ մարդասիրական իրաւունքի խախտումները, որուն պէտք է յստակօրէն միանան ներկայ միջազգային համակարգի ստեղծման նպաստած բազմաթիւ հաստատութիւնները։

Անոր բացատրութեամբ, սակայն, բազմակողմանիութիւնն ու փոխկախուածութիւնը, որոնք անցեալին կայունութիւն կ'ապահովէին, այսօր վերածուած են ճնշման եւ սպառնալիքի միջոցներու, ինչ որ կը տկարացնէ խաղաղութեան կոչերու ազդեցութիւնը։ Ասիկա միջազգային ընտանիքի որդեգրած համատեղ արժէքներու տկարացման նշանն է, պնդեց Սուրբ Աթոռի մշտական դէտը։

Ան աւելցուց թէ՝ աշխարհի մէջ կը վերադառնայ ազդեցութեան գօտիներու եւ կայսրութիւններու տրամաբանութիւնը: Աւանդական մեծ տէրութիւնները յառաջ կը շարժին ցիրուցան վիճակի մէջ եւ չեն կրնար զսպել նոր դերակատարներու վերելքը: Այս պատճառով, դաշնակիցները կը նկատուին լոկ երկրորդական գործընկերներ, եւ կը ստեղծուին նոր «շահեկան գործընկերութիւններ», որոնք իսկական դաշինքներ չեն, այլ ընդհանուր հակառակորդներու դէմ ուղղուած ռազմավարական ժամանակաւոր համաձայնութիւններ:

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տկարացումը

Համընդհանուր արժէքներու բացակայութեան պատճառով ՄԱԿը կը մղուի դէպի լուսանցք՝ ստեղծելով այլընտրանքային մարմիններ, որոնք չունին նոյն ներկայացուցչութիւնը, հաստատեց Գերապայծառ Պալեսթրերոն՝ աւելցնելովնաեւ, որ թէեւ համակարգը կաշկանդուած է գաղափարական ու քաղաքական շահերով, այնուամենայնիւ կը մնայ անփոխարինելի:

Հաւատալ բազմակողմանիութեան

Միջազգային համակարգը զօրակցելու համար անհրաժեշտ է ճանչնալ մարդկային անձի ներքին արժանապատուութիւնը՝ որպէս ուժը սահմանափակող սկզբունք, ըսաւ Արքեպիսկոպոսը։

Ան ապա յիշեցուց Քահանայապետին խօսքերը, զորս արտասանած էր տարուան սկիզբը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին ուղղուած իր ելոյթին մէջ. «Երբ կը բաժնուի “անձը” “ճշմարիտէն”, եւ ի վերջոյ՝ “բարիէն”, անոր արժանապատուութիւնը ինքնին կը դառնայ յարաբերական, եւ անխուսափելիօրէն կը գերիշխեն ամենէն ուժեղ անհատներու եւ պետութիւններու եսասիրական, փոփոխական ու տարբերակուած շահերը»: «Եթէ կը հաւատանք բազմակողմանիութեան եւ միջազգային օրէնքին», եզրափակեց Պալեսթրերօ, «պէտք է մտահոգուինք միջազգային իրաւունքին եւ յարաբերութիւններուն տալու ամուր հիմք մը՝ խուսափելով զանոնք այդ պահի շահերուն ենթարկելէ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2026, 08:00