Որոնել

Pope Leo XIV meets with Aram I, Catholicos of the Armenian Apostolic Church

Քրիստոնեաներու միութեան Խթանման Վերատեսչութեան հաղորդագրութիւնը Արամ Ա Վեհափառի Վատիկան այցի մասին

Չորեքշաբթի, 20 Մայիսին, ժամը 16:00-ին, «Մարքոնի» սրահին մէջ (Piazza Pia 3), Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ, որ առիթ պիտի ընծայէ անդրադառնալու այնպիսի նիւթերու, ինչպէս՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու մարտահրաւէրները, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը, միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քրիստոնեաներու կացութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մայիս 17-էն 21, Նորին Սրբութիւն Արամ Ա., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան (Անթիլիաս, Լիբանան) Հայրապետը, հայկական սփիւռքի տասներկու եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, պաշտօնական այցելութիւն կը շնորհէ Վատիկան։ Սրբազան Պապին հետ առանձնական հանդիպումին հետեւեցաւ միջեկեղեցական աղօթքի պահ մը՝ Վատիկանի Առաքելական Պալատի «Ուրպանոս Ը.» (Urbano VIII) մատրան մէջ։ Ասիկա Վեհափառ Հայրապետին առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին։ Կաթողիկոսը Մայիս 20-ի պիտի մասնակցի ընդհանուր ունկնդրութեան՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։ Այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. կը հանդիպի նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ինչպէս նաեւ կ՛ այցելէ Քրիստոնեաներու միութեան խթանման, Միջկրօնական երկխօսութեան ու Արեւելեան Եկեղեցիներու գրասենեակները (Dicasteri) եւ Քահանայապետական Հայ Լեւոնեան Վարժարանը»։

Այս կը կարդանք Երկուշաբթի 18 Մայիսին Քրիստոնեաներու միութեան Խթանման Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ, որուն մէջ յատուկէն նշուած է նաեւ թէ «Մայիս 19-ին, Քահանայապետական Արեւելեան Հիմնարկին մէջ (Pontificio Istituto Orientale), Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ «Եկեղեցիներու մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ» նիւթով։

Այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ նաեւ աղօթքի տարբեր պահեր Սուրբ Պետրոսի դամբարանին, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Մայր Տաճարին (Santa Maria Maggiore) մէջ, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձաններուն առջեւ»։

Հաղորդագրութիւնը հուսկ կը նշէ թէ «Նորին Սրբութիւն Արամ Ա., որ 1995 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, յայտնի է տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ միջեկեղեցական (էքիւմենիք) յարաբերութիւններու ի նպաստ իր յանձնառութեամբ» ու կը տեղեկացուի` որ «Չորեքշաբթի, 20 Մայիսին, ժամը 16:00-ին, «Սալա Մարքոնի» սրահին մէջ (Piazza Pia 3), Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ, որ առիթ պիտի ընծայէ անդրադառնալու այնպիսի նիւթերու, ինչպէս՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու մարտահրաւէրները, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը, միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քրիստոնեաներու կացութիւնը։

Մամլոյ ասուլիսը պիտի վարուի անգլերէն լեզուով։ Վեհափառ Հայրապետը կը խօսի անգլերէն, ֆրանսերէն, հայերէն եւ արաբերէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2026, 14:32