«Պահպանել մարդկային ձայներն ու դէմքերը». Միջազգային գիտաժողով՝ Արհեստական Բանականութեան շուրջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յառաջիկայ Հինգշաբթի՝ 21 Մայիսին, Քահանայապետական Ուրպանեան Համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողով մը՝ նուիրուած Արհեստական Բանականութեան ազդեցութեան եւ մարդկային հաղորդակցութեան էութեան պահպանման։
Հաղորդակցութեան Միջազգային Օրուան առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկը նախաձեռնած է Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան վերատեսչութիւնը՝ համագործակցութեամբ Մշակոյթի եւ Կրթութեան վերատեսչութեան ու «Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ.» հիմնադրամին։«Պահպանել մարդկային ձայնն ու դէմքը» խորագիրը կրող այս համագումարը ներշնչուած է Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի պատգամէն։
Գիտաժողովը պիտի համախմբէ ակադեմականներ, մասնագէտներ, պետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ՝ քննարկելու համար արհեստագիտական նորարարութիւններու ազդեցութիւնը անհատներու, համայնքներու եւ պետութիւններու կեանքին վրայ։
Գիտաժողովի նպատակն է արձագանգել Քահանայապետի կոչին՝ պահպանելու հաղորդակցութեան շնորհքը իբրեւ մարդկային խորագոյն ճշմարտութիւն, որուն պէտք է ծառայեն բոլոր արհեստավարժական նորութիւնները։ Այն կը միտի ստեղծել խորհրդածութեան հարթակ մը, ուր արհեստագիտական յառաջխաղացքը կը դիտարկուի մարդկային արժէքներու, բարոյականութեան եւ հոգեւոր պատգամներու լոյսին տակ։
Բացման արարողութեան ելոյթ պիտի ունենան Հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Փաուլօ Ռուֆինին եւ Մշակոյթի ու Կրթութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ՝ կարդինալ Խոզէ Թոլենթինօ տէ Մենտոնսան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ