Որոնել

Պաղեստին, Կազա, Իսրայէլ, պատերազմ Պաղեստին, Կազա, Իսրայէլ, պատերազմ  (AFP or licensors)

Սուրբ Աթոռի կոչը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին․ Մարդիկը լոկ «Թիւեր չեն»։

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստին ընթացքին, Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը խստօրէն դատապարտեց պատերազմներու ժամանակ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները եւ կոչ ուղղեց անյապաղ յարգելու միջազգային մարդասիրական օրէնքները։ Վատիկանը յատուկ ահազանգ հնչեցուց սրբավայրերու ու հիւանդանոցներու թիրախաւորման, ինչպէս նաեւ առանց մարդկային հսկողութեան արհեստական բանականութեան կիրարկման վտանգներուն դէմ՝ շեշտելով իւրաքանչիւր անհատի աստուածատուր արժանապատուութեան պահպանումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին մէջ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը յայտարարութեամբ մը՝ դատապարտելով զինեալ հակամարտութիւններու ընթացքին անմեղ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները կոչ ուղղեց միջազգային մարդասիրական օրէնքներու անյապաղ յարգման։
«Քաղաքացիական անձանց պաշտպանութիւնը զինուած հակամարտութիւններու մէջ» նիւթով բաց քննարկման ընթացքին, Վատիկանի ներկայացուցչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանին՝ նիստի հրաւիրման համար, եւ անդրադարձաւ աշխարհի տարածքին տիրող տագնապալի իրավիճակին, ուր միլիոնաւոր մարդիկ կը տեղահանուին, կը մատնուին անօթութեան ու կը զրկուին տարրական ծառայութիւններէ։

Սուրբ Աթոռի մտահոգութեան երեք գլխաւոր առանցքները

Իր ելոյթին մէջ պատուիրակութիւնը լուսարձակի տակ առաւ երեք հիմնական մարտահրաւէրներ, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն մարդկային կեանքն ու արժանապատուութիւնը պատերազմներու ժամանակ․

Յարձակումներ պաշտամունքի վայրերու վրայ. Սրբավայրերու եւ կրօնական համայնքներու թիրախաւորումը կը վիրաւորէ հասարակութեան հոգեւոր ու մշակութային հիւսուածքը։ Այս վայրերը յաճախ ապաստարան կը հանդիսանան տուժածներուն համար, հետեւաբար կրօնական ազատութեան պահպանումը հեշտացնող գործօն է հաշտութեան համար։

Բժշկական անձնակազմի եւ հիւանդանոցներու թիրախաւորում. Հակառակ ՄԱԿ-ի թիւ 2286 բանաձեւի որդեգրումէն անցած տասնամեակին, հիւանդանոցներու եւ բժշկական աշխատողներու դէմ յարձակումները կը շարունակուին մնալ ահազանգային։ Հիւանդներուն ու վիրաւորներուն խնամքը երբեք չի կրնար մերժուիլ։

Արհեստական բանականութեան եւ նոր արհեստագիտութեանց կիրարկումը. Պատերազմի դաշտին վրայ առանց մարդկային վերահսկողութեան գործող մեքենաներու գործածութիւնը կը տկարացնէ բարոյական պատասխանատուութիւնը եւ աւելի կը հեռացնէ որոշում կայացնողները պատերազմի արիւնալի հետեւանքներէն։

«Մարդկութեան սկզբունքը բարոյական պարտաւորութիւն կը դնէ իւրաքանչիւրիս վրայ՝ պաշտպանելու քաղաքացիական բնակչութիւնը պատերազմի սարսափելի հետեւանքներէն»։

Սուրբ Աթոռը յիշեցուց Լեւոն ԺԴ Պապին խօսքերը, շեշտելով, որ խաղաղութիւնը կը սկսի իւրաքանչիւր անհատէ՝ դիմացինին նայելու եւ անոր լսելու ձեւով։
Պատուիրակութիւնը խստօրէն դատապարտեց այն մօտեցումը, որով պատերազմի տրամաբանութիւնը մարդիկը կը վերածէ սոսկ թիւերու կամ «կողմնակի վնասի» (collateral damage)։ Եզրափակելով ելոյթը, Սուրբ Աթոռը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց հրաժարիլ վախի ու աւերածութեան քաղաքականութենէն եւ ներդրում կատարել վստահութեան, երկխօսութեան ու հանդիպման մշակոյթի արմատաւորման մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2026, 14:38