Որոնել

«Magnifica Humanitas» Լեւոն ԺԴ. Պապին շրջաբերականի ներկայացումը «Magnifica Humanitas» Լեւոն ԺԴ. Պապին շրջաբերականի ներկայացումը  (@Vatican Media)

«Magnifica Humanitas». ԱԲ-ի մասնագէտները կը նկատեն Քահանայապետին շրջաբերականը որպէս «բարոյական ձայն»

Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապի «Magnifica Humanitas» անդրանիկ շրջաբերականի ներկայացումը առիթ դարձաւ եկեղեցական մարմիններու եւ արհեստագիտութեան առաջատար դէմքերու բացառիկ երկխօսութեան, ուր Պապի ձայնը որակուեցաւ որպէս անկախ ու անհրաժեշտ բարոյական ատեան։ Բանախօսները շեշտեցին արհեստական բանականութեան զարգացման հետ կապուած վտանգները, թուային նորօրեայ գաղութատիրութիւնը եւ մարդկային սահմաններու պահպանման հրամայականը՝ կոչ ուղղելով զգուշանալու ուժի անարդար կիրարկումէն ու յետմարդկային հայեացքներէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապի անդրանիկ «Magnifica Humanitas» շրջաբերականի պաշտօնական ներկայացումը Վատիկանի Սինոդի դահլիճին մէջ առիթ դարձաւ բացառիկ երկխօսութեան մը՝ եկեղեցական մարմիններու եւ բարձր արհեստագիտութեան աշխարհի առաջատար դէմքերու միջեւ։ Տնտեսական շահերով, աշխարհաքաղաքական մրցակցութեամբ եւ անսահման յաւակնութիւններով առաջնորդուող այս դարաշրջանին, նոր արհեստագիտութիւններու հեղինակաւոր փորձագէտները Սրբազան Քահանայապետի ձայնը որակեցին որպէս խիստ անհրաժեշտ «բարոյական ատեան» մը, որ զերծ է նիւթական շահախնդրութիւններէ եւ ունակ է արտասանելու «անհանգստացնող ճշմարտութիւններ»։

Քրիստոֆըր Օլահ. «Մեզի պէտք են բարոյական ձայներ, որոնք չեն ծռիր շահերու առջեւ»

Շնորհանդէսի ամենաակնառու բանախօսներէն էր Anthropic հանրայայտ ընկերութեան համահիմնադիր եւ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) ներքին կառուցուածքներու հետազօտութեան պատասխանատու Քրիստոֆըր Օլահը։ Ան անկեղծօրէն խոստովանեցաւ, որ արհեստագիտական ոլորտի ճնշումներն ու մրցակցութիւնը յաճախ կրնան հակասել «ճիշդ քայլեր առնելու» սկզբունքին։ Ուստի, ան երախտագիտութիւն յայտնեց Պապին՝ համակարգէն «դուրս» գտնուող եւ անկախ քննադատութիւն հնչեցնող ձայնի մը գոյութեան համար։

Օլահը նշեց, որ ԱԲ-ի օրինակները պարզապէս սառն մեքենաներ չեն, այլ կը վերարտադրեն մարդկային ուղեղի կառուցուածքը.

«Մենք շարունակ կը յայտնաբերենք խորհրդաւոր եւ նոյնիսկ մտահոգիչ երեւոյթներ։ Կը տեսնենք կառուցուածքներ, որոնք կը հայելացնեն մարդու ջղաբանութիւնը (neuroscience) եւ ինքնահայեցողութեան (introspection) փաստեր կը ցուցաբերեն։ Ասիկա մշտական արթնութիւն կը պահանջէ»։

Ան նաեւ ահազանգեց աշխատատեղերու կորուստի վտանգին մասին, ուր հարուստ երկիրներու մէջ կեդրոնացած արհեստագիտութիւնը կրնայ հարուածել աղքատ երկիրներու աշխատաւորութիւնը, ինչ որ պատմական համեմատութիւններով բարոյական հրամայական մը կը դնէ մարդկութեան առջեւ։

Լէօքատի Լուշոմպօ. Ճշմարտութեան պահպանումն ու նոր «Գաղութատիրութիւնը»

Քալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա համալսարանի փրոֆեսէօր Լէօքատի Լուշոմպօն իր հերթին վերլուծեց շրջաբերականի ընկերային եւ կրթական ազդեցութիւնները։ Ան շեշտեց, որ ճշմարտութիւնը չի կրնար պատուիրակուիլ մեքենաներուն, որովհետեւ ԱԲ-ն չունի մարմնական փորձառութիւն, հարաբերական կեանք եւ բարոյական գիտակցութիւն։

Լուշոմպօն յատուկ ուշադրութիւնը հրաւեց Հարաւի խոցելի երկիրներուն վրայ, ուր կը տիրէ նորօրեայ «թուային գաղութատիրութիւնը»։ Պապը իր բնագիրին մէջ խստօրէն կը դատապարտէ այս իրականութիւնը.

«Այսօրուան գաղութատիրութիւնը նոր դէմք ունի. ան միայն մարմիններուն չի տիրեր, այլ կը հայթայթէ տուեալները (data)՝ անձնական կեանքերը վերածելով շահագործելի տեղեկատուութեան»։

Աւելին, փրոֆեսէօրը յիշեցուց Պապի այն ցաւալի արձանագրութիւնը, թէ ինչպէս Հարաւի մէջ պատանիներ ու երեխաներ թունաւոր պայմաններու մէջ կը ջարդեն հազուագիւտ հողային տարրեր (rare earths), որպէսզի հիւսիսային աշխարհի «հաշուարկներու հոսքը» չդադրի, մինչդեռ տեղական կառավարութիւնները կը նախընտրեն նայիր միայն ՀԱԱ-ի (GDP) ցուցանիշներուն։

Աննա Ռոուլենտս. Մարդկային Սահմանի Բարեկարգիչ Արժէքը

Տարհամի համալսարանի քաղաքական աստուածաբանութեան փրոֆեսէօր Աննա Ռոուլենտսը նշեց, որ «Magnifica Humanitas»-ը 135 տարի առաջ հրատարակուած «Rerum Novarum»-ի ուղղակի շարունակութիւնն է՝ ուղղուած ամէն դարաշրջանի կուռքերը փշրելու։

Ռոուլենտսը կոչ ուղղեց զգուշանալու «յետմարդկային» (posthumanist) եւ «անդրմարդկային» (transhumanist) հայեացքներէն, որոնք կը հաւատան, թէ արհեստագիտութիւնը կրնայ փրկել մարդը կամ փոխարինել անոր գիտակցութիւնը։ Անոնք, ըստ բանախօսին, միայն նոր կախեալութիւններ ու անհաւասարութիւններ կը ստեղծեն։

Որդեգրելով Ռոմանօ Կուարտինիի միտքը, թէ «ժամանակակից մարդը դաստիարակուած չէ ուժի արդար կիրարկման մէջ», շրջաբերականը կը պատգամէ կոտրել այն սին համոզումը, թէ «ուժն է իրաւունքը»։ Իշխելու տենչը (libido dominandi), որ աշխարհիկ հայեացքով կրնայ տոկունութիւն թուիլ, քրիստոնէական տեսանկիւնէն միայն Աստուծոյ եւ մերձաւորի հանդէպ արհամարհանք է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2026, 14:15