«Amoris laetitia». Հրապարակուեցաւ 2026-ի հոկտեմբերին գումարուելիք հանդիպմումի նախապատրաստական փաստաթուղթը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութիւնը եւ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը հրապարակեցին «Թեմատիկ Ուղեգիծ» նախապատրաստական փաստաթուղթը, որ պիտի ուղեկցի 2026 թուականի 7-14 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուելիք հանդիպման աշխատանքներուն։ Հանդիպումը գումարելու որոշումը Լեւոն ԺԴ. Պապը յայտարարած էր 2026 թուականի մարտ 19-ին՝ Ֆրանչիսկոս Պապի «Amoris laetitia» առաքելական յորդորի հրատարակութեան տասնամեակին առիթով։
Փոխադարձ ունկնդրութիւն եւ սիւնհոդոսական զատորոշում
Փաստաթուղթը կը նշէ, որ ընտանիքներու դիմագրաւած նոր իրողութիւններուն լոյսին տակ, Սրբազան Քահանայապետը կը ցանկայ խթանել փոխադարձ ունկնդրութեան եւ սիւնհոդոսական զատորոշման ընթացք մը, որպէսզի Եկեղեցին նոր ձեւերով հռչակէ Աւետարանը ժամանակակից ընտանիքներուն՝ հիմնուելով Amoris laetitia-ի ուսուցումներուն եւ տեղական Եկեղեցիներու փորձառութեան վրայ։
Յունիս 27-ի արտակարգ կարդինալական ժողովին ընթացքին Լեւոն ԺԴ. վերահաստատեց, թէ այնտեղ, ուր ընտանիքը կը ստանայ անհրաժեշտ ուղեկցութիւնը, կը ծաղկին համերաշխութիւնը, յոյսը եւ առողջ մարդկային յարաբերութիւնները, իսկ անոր խոցուած վիճակը կ՛ազդէ ամբողջ հասարակութեան վրայ։ Ան նաեւ յայտնեց, որ հոկտեմբերին գումարուելիք հանդիպումին պիտի մասնակցին ընտանիքներ, որոնք պիտի փոխանցեն իրենց կեանքի եւ հաւատքի փորձառութիւնը։
Հանդիպում՝ ունկնդրութեան եւ հովուական նոր քայլերու համար
Հռոմի մէջ գումարուելիք հանդիպումը պիտի համախմբէ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու առաջնորդներն ու աշխարհի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահները։ Անոնք միասին պիտի քննարկեն ընտանիքին, մարդկային կեանքին եւ ամուսնութեան կոչումին վերաբերող հովուական մարտահրաւէրները՝ տեղական Եկեղեցիներու եւ ընտանիքներու փորձառութենէն մեկնած։
Թէեւ հանդիպումը Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ժողով չէ, ան պիտի ընթանայ սիւնհոդոսական ոճով՝ հիմնուած աղօթքի, փոխադարձ ունկնդրութեան եւ զատորոշման վրայ, որպէսզի խթանէ ընտանիքներու հետ համատեղ հովուական նոր նախաձեռնութիւններ։
Քննարկման հինգ հիմնական նիւթերը
Նախապատրաստական փաստաթուղթը մասնակիցներուն կը ներկայացնէ խորհրդածութեան հինգ հիմնական առանցքներ.
Այսօրուան ընտանիքները. անոնց իրականութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ մարտահրաւէրները։
Երիտասարդները եւ ամուսնութեան կոչումը. երիտասարդներուն ուղեկցիլ՝ բացայայտելու ամուսնութեան արժէքն ու կոչումը։
Ամուսնական կեանքի առաջին տարիները. զոյգերուն ուղեկցիլ ամուսնութեան առաջին եւ վճռորոշ շրջանին, ինչպէս նաեւ ընտանեկան կեանքի բոլոր փուլերուն։
Կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց. աջակցիլ եւ ուղեկցիլ բարդ իրավիճակներ ապրող ընտանիքներուն։
Քրիստոնեայ ընտանիքները՝ Եկեղեցւոյ առաքելութեան դերակատարներ. ընտանիքը դիտել ոչ միայն որպէս հովուական խնամքի հասցէատէր, այլ նաեւ որպէս Աւետարանի կենդանի վկայ եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան գործուն մասնակից։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.