Որոնել

2026.07.08  tavolo di lavoro per la carità

Կարիքաւորներուն սատարող բարեսիրական նոր ցանց Հռոմի մէջ

Ամենատկարներուն կարիքներուն միասնական ու համադրուած պատասխան տալու նպատակով, 7 Յուլիսին, Սուրբ Աթոռի Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Վերատեսչութեան նստավայրին մէջ՝ Փալացցօ Սան Քալիսթօ, տեղի ունեցաւ առաջին աշխատանքային հանդիպումը՝ նախաձեռնութեամբ Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան եւ մասնակցութեամբ Հռոմի Թեմին ու տարածքին վրայ գործող գթասիրական կառոյցներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Յուլիս 7-ին, Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Վերատեսչութեան գրասենեակին մէջ (Փալացցօ Սան Քալիսթօ), կայացաւ Գթասիրութեան վերաբերեալ աշխատանքային առաջին հանդիպումը՝ նախաձեռնութեամբ Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան եւ մասնակցութեամբ Հռոմի Թեմին ու տարածքին վրայ գործող գթասիրական կառոյցներուն՝ նպատակ ունենալով անմիջական օգնութենէն անդին անցնիլ եւ միասնական ու երկարատեւ ծրագիրներով սատարել ամենատկարներուն։

Այս առթիւ ունեցած իրենց ելոյթներուն մէջ, Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը՝ Կարդինալ Միքայէլ Չեռնին, եւ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան շեշտեցին համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը պահպանելու եւ ոչ մէկը լքուած ձգելու համար։

Գործել միասին
«Յստակ նշան մը այն սիւհոդոսականութեան, որ հինգ տարի շարունակ քարոզեցի որպէս Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Ենթաքարտուղար եւ, որ այսօր կոչուած ենք ոչ միայն դաւանելու, այլեւ ապրելու ու տեսանելի դարձնելու», իր խօսքին մէջ բացատրեց Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը՝ Գերապայծառ Լուիս Մարին տը Սան Մարթինը։

Բաժնեկցուած ու եղբայրական ուղի մը՝ համապարփակ պատասխան մը տալու համար աղքատութեան մարտահրաւէրներուն, «արագ ու յաճախ շփոթեցնող ընկերային փոփոխութիւններուն» եւ հոգեկան հիւանդութիւններէ տառապող անձերուն խնամողներու դժուարութիւններուն։ «Այս բոլորը մեզմէ կը պահանջեն քալել միասնական գործունէութեան ուղիով՝ որպէս մէկ եկեղեցական մարմին», հաստատեց Արքեպիսկոպոս Սան Մարթինը։

Շարունակական ծրագիր
Ժողովի ընթացքին առաջարկուած հիմնական ուղեցոյցներն են՝ համապատասխանատուութեան խթանում, համագործակցութիւններու համադրում եւ բարեգործութեան տարբեր կողմերու ներգրաւում։ Այս ամէնը մէկտեղել, ըստ Բարեգործական Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչի,  կը նշանակէ ստեղծել «տարածքային ցանց մը, որ ընդունակ է ընկերակցելու անհատներուն ծրագիրի մը միջոցով»՝ կազմուած  «ընդունելութենէ եւ լսողութենէ, նիւթական աջակցութենէ, առողջապահական խնամքէ, կրթական եւ աշխատանքային վերահաստատման ծրագիրներէ, հոգեւոր ընկերակցութենէ»։ Ճանապարհ մը, որ պէտք է կենդանի պահել, որուն մէջ պէտք է աճեցնել վստահութիւնը, «իրար հասկնալու համբերութիւնը, սեփական շրջանակին մէջ չփակուելու կամքը»՝ միշտ դնելով ինքզինք Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեան տակ, եզրափակեց ան։

Տարեկան երեք հանդիպումներ

Աշխատանքային համախմբումը պիտի շարունակուի մասնակիցներու միջեւ մշտական քննարկումներու եւ փոխանակումներու միջոցաւ՝ նպատակ ունենալով կենդանի պահել համագործակցութեան այս ցանցը՝ ի նպաստ ամենատկարներուն, եւ հասնիլ համատեղ նպատակներուն։ Այս ուղիին սատարելու համար նախատեսուած են տարեկան երեք հանդիպումներ՝ Յունիս, Հոկտեմբեր եւ Փետրուար ամիսներուն, որոնք պիտի հանդիսանան խորացման եւ փորձառութիւններու բաժնեկցման պահեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/07/2026, 08:08