Որոնել

Մարինա Նաթալէ Մարինա Նաթալէ 

Վատիկանի Կրօնական Գործերու հիմնարկը Մարինա Նաթալէն նշանակեց Վերահսկողութեան խորհուրդի անդամ

Վատիկանի Կրօնական Գործերու Հիմնարկը (IOR) Մարինա Նաթալէն նշանակեց իր Վերահսկողութեան խորհուրդի անդամ՝ նկատի ունենալով անոր աւելի քան 30 տարուան փորձառութիւնը դրամատնային եւ ֆինանսական ոլորտներուն մէջ։ Հիմնարկը շեշտեց, որ այս նշանակումը պիտի նպաստէ IOR-ի կառավարման, թափանցիկութեան եւ ռազմավարական առաջնահերթութիւններու հետագայ ամրապնդման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Կրօնական Գործերու Հիմնարկը (IOR) յայտարարեց Մարինա Նաթալէի նշանակումը Վերահսկողութեան խորհուրդի անդամ՝ այս քայլը բնութագրելով որպէս հաստատութեան կառավարման եւ ռազմավարական ուղղութեան ամրապնդման նոր փուլ։ Հիմնարկը ընդգծեց, որ Նաթալէն ունի աւելի քան երեսուն տարուան փորձառութիւն դրամատնային եւ ֆինանսական ոլորտներուն մէջ՝ զբաղեցնելով ղեկավար պաշտօններ Իտալիոյ առաջատար ֆինանսական հաստատութիւններուն մէջ։

Մարինա Նաթալէն իր գործունէութիւնը սկսած է 1988-ին **Credito Italiano** դրամատան մէջ, ապա ղեկավարած է միաձուլումներու, ձեռքբերումներու եւ գործարար զարգացման կարեւոր ծրագիրներ։ 2008-ին ան ղեկավարեց **UniCredit**-ի Եւրոպական մասնաւոր դրամատնային հարթակի ստեղծումը, իսկ 2009-2017 թուականներուն անդամակցեցաւ դրամատան գործադիր ղեկավարութեան՝ իբրեւ ֆինանսական գլխաւոր տնօրէն եւ փոխ ընդհանուր տնօրէն։

2017-2023 թուականներուն Նաթալէն եղած է իտալական պետական **AMCO** ընկերութեան գործադիր տնօրէնն ու ընդհանուր կառավարիչը՝ առաջնորդելով չվճարուող վարկերու կառավարման ոլորտին մէջ ընկերութեան աճն ու ամրապնդումը։ Ներկայիս ան կը զբաղի ռազմավարական եւ ֆինանսական խորհրդատուութեամբ, կը նախագահէ **Cherry Bank**-ի վարչական խորհուրդը եւ անդամ է տարբեր հաստատութիւններու ղեկավար մարմիններուն։

IOR-ի Վերահսկողութեան խորհուրդի նախագահ Ֆրանսուա Փոլին ողջունեց նշանակումը՝ նշելով, որ Նաթալէի բարձր մակարդակի փորձառութիւնն ու ղեկավարական կարողութիւնները պիտի նպաստեն հաստատութեան կառավարման հետագայ ամրապնդման եւ ռազմավարական առաջնահերթութիւններու իրականացման։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ IOR-ը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը թափանցիկութեան, պատասխանատուութեան եւ ազնուութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ՝ ծառայելով Սուրբ Աթոռին եւ ամբողջ աշխարհի Եկեղեցիին։

IOR-ը Վատիկան պետութեան միակ հաստատութիւնն է, որ լիազօրուած է մասնագիտական ֆինանսական գործունէութիւն ծաւալելու։ Ան կը մատուցէ դրամատնային եւ ներդրումային ծառայութիւններ աւելի քան 12 հազար յաճախորդներու՝ 110-է աւելի երկիրներու մէջ, իր գործունէութիւնը վարելով Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/07/2026, 12:31