Կարեւոր որոշումներու կայացումը չի կրնար յանձնուիլ ալկորիթմներուն. Գերապայծառ Պալեսթրերօ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
7 Յուլիս 2026ին, ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտ եւ Առաքելական Նուիրակ` Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերօ՝ Ժընեւի մէջ գումարուած «Արհեստական Բանականութեան Կառավարման Առաջին Ընդհանուր Երկխօսութեան» (First Global Dialogue on AI Governance) բացման նիստի առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։
Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտը իր խօսքին սկիզբը յղում կատարեց Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապի «Magnifica Humanitas» անդրանիկ Շրջաբերականին՝ վերահաստատելով Վատիկանի պատրաստակամութիւնը՝ աշխուժօրէն ներգրաւուելու թուային դարաշրջանի մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ՝ «ի լոյս իւրաքանչիւր մարդ էակի անխախտելի արժանապատուութեան»:
Արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը պէտք է ծառայէ ընդհանուր բարիքին
Ան ապա ընդգծեց, որ մարդկութիւնը կ՚ապրի դարակազմիկ փոխակերպում մը, որ կը դպչի կեանքի բոլոր ոլորտներուն: Ուստի, ըստ անոր, նման խորունկ փոփոխութիւնը կը պահանջէ համաչափ քաղաքական արձագանգ՝ յստակեցնելով, որ «ուժեղ կառավարման անհրաժեշտութիւնը չի նշանակեր սահմանափակումներ դնել ԱԲի վրայ՝ որպէս ինքնանպատակ խոչընդոտներ», այլ՝ նախապայման է, որպէսզի արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը ծառայէ համայն մարդկութեան եւ ընդհանուր բարիքին:
Մարդկային վերահսկողութիւն եւ հաշուետուողականութիւն
Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը յատուկ շեշտեց ԱԲի պատասխանատու օգտագործման հարցը: «Կարեւոր որոշումներու կայացումը չի կրնար արտապատուիրուիլ (վստահուիլ արտաքին աղբիւրի մը) կամ յանձնուիլ ալկորիթմներուն», յայտարարեց ան՝ աւելցնելով, որ ինքնաշխատ համակարգերու վճիռները միշտ պէտք է ենթակայ ըլլան մարդկային վերահսկողութեան, քանզի բարոյական պատասխանատուութիւնը բացառապէս մարդուն կը պատկանի եւ արագութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը երբեք չեն կրնար արդարացում ըլլալ, երբ խնդրոյ առարկան մարդկային կեանքն է։
ԱԲ՝ քանի մը հզօր ընկերութիւններու մենաշնորհը դառնալու վտանգը
Անդրադառնալով արհեստագիտութեան կեդրոնացման վտանգներուն, Գերապայծառ Պալեսթրերօ զգուշացուց, որ ԱԲի կեդրոնացումը քանի մը հզօր ընկերութիւններու ձեռքը կրնայ մեծապէս խորացնել անոր բացասական ազդեցութիւնը, յատկապէս այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր կը պակսին բարոյագիտական յստակ շրջանակներն ու զանոնք վերահսկող հաստատութիւնները: Որպէս լուծում՝ Սուրբ Աթոռը կոչ կ՚ընէ ստեղծել թափանցիկ գործընթացներ, ուր կարելի կըլլայ յստակօրէն նոյնականացնել, թէ ո՛վ պէտք է հաշիւ տայ որոշումներու համար, հիմնաւորէ զանոնք եւ դարմանէ պատճառուած վնասները:
Եզրափակելով՝ Վատիկանի դիւանագէտը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը՝ կառուցողական երկխօսութեան միջոցաւ պաշտպանելու մարդկային անձի անօտարելի արժանապատուութիւնը ԱԲ դարաշրջանին մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.