Սուրբ Աթոռ. զօրակցիլ ընտանիքին՝ որպէս զարգացման եւ դիմադրողականութեան հիմնասիւն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ընտանիքին զօրակցիլը՝ որպէս «հասարակութեան հիմնական կորիզ» եւ «դիմադրողականութեան էական աղբիւր» կը նպաստէ աղքատութեան արմատախիլ արման, ընկերային կայունութեան եւ համապարփակ զարգացման»։
Այս մասին յայտարարած է Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտի Առաքելութիւնը՝ Բարձր մակարդակի քաղաքական համաժողովի (HLPF) ընթացքին, որ կայացաւ 8 Յուլիսին եւ որ նուիրուած էր Ափրիկեան՝ Նուազ զարգացած, Դէպի ծով ելք չունեցող եւ Միջին եկամուտ ունեցող Երկիրներու (LDCs, LLDCs, MICs) մէջ Կայուն զարգացման նպատակներու (SDG) իրագործումն արագացնելուն։
Աղքատութիւնը մարդկային արժանապատուութեան անարգանք է
Այս նպատակով, Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչները քաջալերած են ներդրումներ կատարել ընտանեկան քաղաքականութեան մէջ «ըլլա՛յ ազգային, ըլլա՛յ միջազգային մակարդակներու վրայ»՝ որպէս անհրաժեշտ ուղի «իւրաքանչիւր անհատի լիակատար ծաղկումը երաշխաւորելու համար»։ Աղքատութիւնը, աւելցուցած են անոնք, միլիոնաւոր մարդոց, «յատկապէս կիներու եւ մանուկներու», կը զրկէ «պատշաճ սնունդի, խմելու ջուրի, առողջապահական խնամքի, կրթութեան եւ արժանապատիւ աշխատանքի» հնարաւորութենէն։ Անիկա «ծանր անարգանք է մարդու՝ Աստուծոյ կողմէ տրուած ներքին արժանապատուութեան»։
Դիմագրաւել զարգացման կառուցուածքային խոչընդոտները
Սուրբ Աթոռի մշտական դիտորդները ի վերջոյ ընդգծած են, որ «էական է նորոգել ու ամրապնդել աջակցութիւնը» տնտեսապէս ամենատկար Երկիրներուն՝ անցնելով «կարճաժամկէտ միջոցառումներէն անդին» եւ «դիմագրաւելով կառուցուածքային այն խոչընդոտները, որոնք կը կաշկանդեն կայուն զարգացումը»։ «Ասիկա, եզրափակած է Վատիկանի Մնայուն Դէտի Առաքելութիւնը, կը ներառէ արտօնեալ ֆինանսաւորման հասանելիութեան բարելաւումը, արդար առեւտրային համակարգերու խթանումը, արհեստագիտութեան փոխանցման դիւրացումը եւ պարտքերու թեթեւացման համար նշանակալից միջոցառումներու որդեգրումը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.