Որոնել

Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա  (ANSA)

Կարդինալ Փիցապալլա․ «Սուրբ Պենետիկտոսի ուղիով միասին կառուցենք խաղաղութիւն»

Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալՓիցապալլան, Նորչայի մէջ ստանալով Սուրբ Պենետիկտոսի միջազգային մրցանակը, կոչ ուղղեց Սուրբ Պենետիկտոսի օրինակով կառուցելու խաղաղութիւն՝ վերականգնելով վստահութիւնը, երկխօսութիւնն ու մարդկային յարաբերութիւնները։ Ան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի ապագան չի կրնար հիմնուիլ ուժի վրայ, այլ համայնքներու մասնակցութեամբ, երիտասարդներու ներգրաւմամբ եւ համբերատար երկխօսութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապալլան, Նորչայի մէջ արժանացաւ Սուրբ Պենետիկտոսի միջազգային մրցանակին՝ շեշտելով, թէ Միջին Արեւելքը կը գտնուի երկար եւ ցաւալի անցումային շրջանի մը մէջ, ուր անհրաժեշտ է ոչ թէ մեկուսանալ, այլ հիմքերը դնել վերակառուցման եւ մարդկային յարաբերութիւններու վերականգնման։ Ան ընդգծեց, որ խաղաղութիւնը չի կրնար հիմնուիլ ուժի վրայ, այլ կը պահանջէ համբերատար լսել, յարգել բոլոր զոհերը եւ վերաշինել վստահութիւնը։

Կազայէն մինչեւ Նորչա՝ վերածնունդի յոյսը

Խօսելով Կազայի աղէտալի իրավիճակին մասին՝ Պատրիարքը զուգահեռ մը գծեց Նորչայի 2016-ի երկրաշարժին հետ՝ նշելով, որ Կազայի տուներուն մեծ մասը աւերուած է, իսկ հասարակական կեանքը՝ քայքայուած։ Ան յայտնեց, որ քրիստոնէական յոյսը կը շարունակէ լոյս սփռել Սուրբ Երկրին մէջ, հակառակ բռնութեան եւ ատելութեան, եւ կոչ ուղղեց դառնալ «խաղաղութեան ճարտարապետներ ու շինարարներ»։

Երկխօսութիւն՝ համայնքներէն սկսեալ

Փիցապալլան նաեւ ընդգծեց միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ ան պէտք է սկսի համայնքներէն, ոչ միայն վերնախաւերէն, եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ երիտասարդներուն։ Ան յիշեց Կազայի եւ Իսրայէլի երիտասարդներուն հետ ունեցած իր վերջին հանդիպումները, ուր անոնք յստակ կերպով մերժած են բռնութիւնը եւ արտայայտած մնայուն խաղաղութիւն կառուցելու կամքը։

Խաղաղութեան ծառայութեան միջազգային գնահատանք

Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Նորչայի քաղաքապետարանը, Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի հովանաւորութեամբ, Փիցապալլան ներկայացուց որպէս «խաղաղութեան հաստատուն կերտող»։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ առաջարկուեցաւ աջակցիլ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքարանի նախաձեռնութեան՝ Կազայի մէջ դպրոց մը վերագործարկելու, ինչպէս նաեւ զարգացնել խաղաղութեան կրթութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային համագործակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

13/07/2026, 11:25