Սուրբ Աթոռը ՄԱԿ-ին մէջ կոչ ուղղեց՝ արդար առեւտուրի եւ արհեստագիտութիւններու փոխանցման միջոցով արմատախիլ ընել աղքատութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի Բարձր Մակարդակի Քաղաքական Համաժողովին (HLPF) ընթացքին, որ նուիրուած էր կայուն զարգացման նպատակներու իրագործման արագացման, Սուրբ Աթոռի Մշտական Դիտորդական Առաքելութիւնը վերահաստատեց, թէ աղքատութեան վերացումը կը պահանջէ միջազգային աւելի վճռական եւ երկարաժամկէտ համագործակցութիւն։ Առաքելութիւնը յատկապէս կոչ ուղղեց բարելաւելու արտօնեալ ֆինանսաւորման հասանելիութիւնը, խթանելու աւելի արդար առեւտրային համակարգեր, դիւրացնելու արհեստագիտութիւններու փոխանցումը եւ յառաջ տանելու արտաքին պարտքի բեռի թեթեւացման նախաձեռնութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ աջակցիլ Ափրիկէի, նուազ զարգացած, ծովային ելք չունեցող եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներուն։
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ 2030-ի Օրակարգի ժամկէտին մօտենալով՝ անհրաժեշտ է նոր թափ հաղորդել համաշխարհային ջանքերուն՝ դիմագրաւելու այն խոչընդոտները, որոնք կը դանդաղեցնեն կայուն զարգացումը։ Սուրբ Աթոռը շեշտեց, թէ ծայրայեղ աղքատութիւնը կը շարունակէ միլիոնաւոր մարդիկ, յատկապէս կիներ եւ երեխաներ, զրկել պատշաճ սնունդէն, խմելու մաքուր ջուրէն, առողջապահական ծառայութիւններէն, կրթութենէն եւ արժանապատիւ աշխատանքէ։ Այդ պատճառով, ըստ յայտարարութեան, աղքատութիւնը «ծանր վիրաւորանք է Աստուծոյ կողմէ մարդուն շնորհուած բնատուր արժանապատուութեան»։
Առաքելութիւնը նաեւ յիշեցուց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի «Dilexi te» առաքելական յորդորը, ուր ան կը զգուշացնէ չանտեսել կարիքաւորները եւ կը վերահաստատէ, թէ աղքատութեան վերացումը առաջնահերթութիւն է եւ կայուն զարգացման անփոխարինելի պայման։
Սուրբ Աթոռը ընդգծեց, որ աջակցութիւնը պէտք է հիմնուի իւրաքանչիւր երկրի առանձնայատուկ խոցելիութիւններու նկատառման վրայ՝ ներառեալ աշխարհագրական սահմանափակումները, կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքները եւ ենթակառուցուածքներու անբաւարարութիւնը, որոնք կը խորացնեն արդէն գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնները։
Յայտարարութեան աւարտին Սուրբ Աթոռը վերահաստատեց ընտանիքի հիմնարար դերը՝ զայն բնորոշելով որպէս «հասարակութեան հիմնական բջիջ, առաջնակարգ հասարակական բարիք եւ տոկունութեան կարեւոր աղբիւր»։ Ըստ առաքելութեան, ընտանիքին աջակցող քաղաքականութիւնները անմիջականօրէն կը նպաստեն աղքատութեան վերացման, հասարակական կայունութեան եւ ամբողջական մարդկային զարգացման, ուստի այս ոլորտին մէջ ներդրումները կենսական նշանակութիւն ունին՝ ի նպաստ իւրաքանչիւր անձի լիարժէք ծաղկման եւ մարդկային ամբողջական զարգացման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.