Որոնել

1634688113068.jpg

Վառելանիւթերու սակագիներու բարձրացումը բռնկեցուց Լիբանանեան փողոցը։

Պատկան մարզերու կարգ մը պատասխանատուներ յոռետեսութեամբ եւ ընդվզումով յայտարարեցին, որ այս ընթացքով նշեալ սակագինը կրնայ յառաջիկայ շաբաթներուն հասնիլ մինչեւ 400 հազար լիբ. ոսկիի սահմանը` յաւելումը վերագրելով վառելանիւթի միջազգային սակագինին` ըստ ամերիկեան տոլարին:

Կենցաղային եւ ապրուստի ամէնօրեայ մտահոգութիւններու հեւքի մթնոլորտին մէջ ապրող լիբանանցիք երէկ արթնցան վառելանիւթի սակագիներու նոր յաւելումի «աւետիսով»: Այս մասին հաղորդող լրատուութիւնը մէկ թիթեղ պենզինին սակագինը կը նշէր 312.700 լիբ. ոսկի եւ յարակից յաւելումներ մազութի եւ պիւթակազի սակագիներուն վրայ: Աւելի՛ն, պատկան մարզերու կարգ մը պատասխանատուներ յոռետեսութեամբ եւ ընդվզումով  յայտարարեցին, որ այս ընթացքով  նշեալ սակագինը կրնայ յառաջիկայ շաբաթներուն հասնիլ մինչեւ 400 հազար լիբ. ոսկիի սահմանը` յաւելումը վերագրելով վառելանիւթի միջազգային սակագինին` ըստ ամերիկեան տոլարին:

Որոշումը, որ 60 հազար լիբ. ոսկիի յաւելում կ՛որոշէր թիթեղ մը պենզինի սակագինին վրայ, իր խոր ազդեցութիւնը ունեցաւ առհասարակ լիբանանեան հասարակութեան վրայ: Այս գծով լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ ցուցարարներ ինքնաբուխ կերպով փողոց դիմեցին` բողոքելով նշեալ որոշումին դէմ: Մայրաքաղաք Պէյրութէն մինչեւ Թրիփոլի, Սայտա, Շեքքա եւ Ճիւնի մայրուղիներ եւ փողոցներ փակուեցան որոշ ժամանակով: Կարգ մը շրջաններու մէջ հրկիզուած անիւներով ընդվզած քաղաքացիներ բողոքեցին եւ փակեցին ճամբաները: Անոնք իրենց պոռթկումը արտայայտեցին տիրող կենցաղային ու ապրուստի «անտանելի» կացութեան գծով, ուր տոլարին սակագինը հասած է 21 հազար լիբ. ոսկիի սահմանը, մինչ աշխատաւորներու կարեւոր մէկ հատուածը իր ամսաթոշակը կը ստանայ լիբանանեան թղթոսկիով: Իսկ նուազագոյն ամսականը տակաւին 675 հազար լիբ. ոսկի է:

Աշխատաւորներու ընդհանուր համադաշնակցութիւնը ժողով մը գումարելով  յայտարարեց, թէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի քննարկուի այս հարցը, եւ որոշուի առնուելիք բողոքի քայլերը: Համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար մամլոյ ասուլիս մը տալով  յայտարարեց, որ այս յաւելումը պիտի առաջնորդէ այլ մարզերու մէջ եւս յաւելումներու, եւ մարդիկ անկարող պիտի ըլլան նոյնիսկ իրենց աշխատավայրը հասնելու:

Նմանապէս, երթեւեկի վարորդներ մինչեւ երկուշաբթի օր պայմանաժամ տուին պատկան կողմերուն` այլապէս սպառնալով  յաւելում կատարել  երթեւեկի ծառայութեանց գիներուն վրայ:

Քաղաքական առումով նախկին նախարար, գնդապետ Մարուան Շարպէլ պատահածը որակեց «արուեստական» քայլ, որուն միջոցով կարգ մը իշխանաւորներ կը միտին քաղաքացիները արգիլել քուէատուփ հասնելէ եւ հոն առաջնորդել միայն իրե՛նց համակիր քաղաքացիները` ապահովելով անոնց եւ երթեւեկի վառելանիւթին սակը: Շարպել պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն անպայման մասնակցելու  յառաջիկայ ընտրութեանց, ի հարկին հետիոտն երթալով. եթէ նոյնիսկ վառելանիւթի սակագինը չունին, մերժեն ներկայ վարիչներու «ֆինանսաւորումը» եւ հետիոտն երթան ու ընտրեն իրե՛նց ուզած թեկնածուն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2021, 08:52