Որոնել

Ս. Ղազար մայրավանքի գրադարանը Ս. Ղազար մայրավանքի գրադարանը 

«Օրորա»ն կ՛աջակցի Ս. Ղազար մայրավանքի գրադարանին

Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզիի մատենադարանին մէջ պահ դրուած են զանազան լեզուներով առաւել քան 150 հազար հատորներ՝ ներառեալ ձեռագիրներ, հնագոյն գիրքեր, պատմական եւ գիտական գործեր։

«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը որոշած է 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի գրադարանին։ Այս նուիրատուութիւնը կը կատարուի՝ ի յիշատակ «Օրորա»ի համահիմնադիրներէն հոգելոյս Վարդան Գրիգորեանի, որ անցեալ տարի կեանքէն հեռացած էր։ Սփիռքահայ ականաւոր մարդասէր, գիտնական, գրող եւ մանկավարժ Վարդան Գրիգորեան զանազան ուղղութիւններով բացառիկ գործունէութիւն ծաւալած էր՝ հատելով գիտականի եւ բարեգործականի սահմանները։ Գրադարանները, ըստ Վարդան Գրիգորեանի, մարդկութեան ամբարած գիտելիքի տաճարներն են եւ «Օրորա»ի ներկայ նուիրատուութիւնն ալ յարգանքի տուրք մըն է անոր թողած բացառիկ ժառանգութեան նկատմամբ։

«Ուրախ ենք Վարդան Գրիգորեանի յիշատակը նման իմաստալից կերպով յարգելու հնարաւորութեան համար։ Տարիներ շարունակ ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է զանազան նախագիծերու եւ կազմակերպութիւններու մէջ, բայց «Օրորա»ն միշտ իւրայատուկ եղած է իրեն համար։ Այսօր մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքը իր անունով՝ պահպանելով հայկական ժառանգութիւնը եւ յառաջ մղելով մարդասիրական ջանքերը», այս կապակցութեամբ ըսաւ «Օրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն Ռուբէն Վարդանեան։ Իր կարգին, համահիմնադիրներէն Նուպար Աֆէեանայս առթիւ յիշեցուց, որ հոգելոյս Վարդան Գրիգորեան կրթութեան ու լուսաւորութեան ջերմեռանդ ջատագով մըն էր եւ ուրախ պիտի ըլլար «Օրորա»ի այս որոշման ՝ գրադարանին օժանդակելու համար։

Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ եւ Թուրքիոյ կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Լեւոն արք. Զեքիեան այս առթիւ յայտնեց, որ միաբանութեան համար պատիւ մը կը համարուի ընդունիլ այս առատաձեռն նուիրատուութիւնը։ Ան դիտել տուաւ, որ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ջանք կը գործադրէ մարդասիրական հրատապ հարցերու յաղթահարման եւ կարիքաւորներուն երկրորդ հնարաւորութիւն մը տալու համար։ Զեքիեան գերապայծառը նաեւ ըսաւ, որ հոգելոյս Վարդան Գրիգորեան իսկապէս բացառիկ ուսեալ մըն էր եւ իր ժառանգութիւնը յաւերժ պիտի յիշուի։ «Մենք շատ երախտապարտ ենք այս նուիրատուութեան համար եւ անհամբեր՝ զայն լաւագոյնս օգտագործելու մեր գրադարանի կարիքներուն համար՝ յանուն Վարդանին», ըսաւ ան։

Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզիի մատենադարանին մէջ պահ դրուած են զանազան լեզուներով առաւել քան 150 հազար հատորներ՝ ներառեալ ձեռագիրներ, հնագոյն գիրքեր, պատմական եւ գիտական գործեր։ Միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար աբբահայրը եւ գործակիցները միշտ իրենց առաքելութիւնը համարած են գիրքերու հրատարակութիւնը, հաւաքագրումը եւ պահպանումը՝ յատկապէս հայկական։ Այսօր միաբանութեան ընդարձակ մատենադարանին մէջ կը գտնուին պատմական եզակի նմոյշներ, իսկ միաբանութիւնը կը շարունակէ մնալ հայագիտութեան յառաջատար կեդրոններէն մէկը։

«ԺԱՄԱՆԱԿ»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2021, 08:46