Որոնել

Շահան Գանտահարեանին ՝ պարգեւատրում Շահան Գանտահարեանին ՝ պարգեւատրում 

Շահան Գանտահարեանին՝ պարգեւատրում

Պարգեւատրուած է «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեան ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուոգրով:

Երէկ` 1 նոյեմբեր 2021-ի կէսօրին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) նախագահութիւնը` «Ազդակ»-ի գործունէութիւնը արժեւորելով, պատուոյ գիր յանձնեց օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին, որուն ներդրումը լուսարձակի տակ առնուեցաւ`  Հայաստան-Լիբանան բազմակողմանի յարաբերութիւններուն եւ հայկական սփիւռքի հետ գիտակրթական կապերու ու հայ մշակոյթի զարգացման նպաստելուն համար:

ԳԱԱ-ի նախագահին ստորագրութիւնը կրող պատուոյ գիրը «Ազդակ»-ի տնօրէնին յանձնեց ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար, Հայաստանի ԳԱԱ-ի նախագահութեան անդամ Եուրի Սուվարեանը:

Եուրի Սուվարեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի լուսաբանութիւններն ու վերլուծումները` հայ կեանքին զանազան իրադարձութիւններուն վերաբերող, եւ ընդգծեց թերթին հաւաստիութիւնը` յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնելով ազգային-քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման գործընթացին մէջ օրաթերթին ունեցած նպաստը:

Պատուոյ գիրի պաշտօնական յանձնման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի ԳԱԱ-ի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեան եւ Պատմութեան հիմնարկի Հայկական գաղթօճախներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժինի վարիչ, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան:

Ռ. Ղազարեան վեր առաւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն «Ազդակ»-ի կատարած արագ արձագանգումներու եւ հայկական ոսպնեակով հրապարակած վերլուծումներու երեւոյթը:

Գ. Ստեփանեան խօսեցաւ «Ազդակ»-ի նախաձեռնած Հայաստան-սփիւռք մասնագիտական բնոյթի քննարկումներուն նպատակաուղղուածութեան մասին:

Շահան Գանտահարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ԳԱԱ-ի նախագահութեան, Արեւելագիտութեան եւ Պատմութեան հիմնարկներու տնօրէնութիւններուն: Ան ներկայացուց «Ազդակ»-ի եւ ակադեմիայի միջեւ համագործակցութեան ուղին` գիտաժողովներու, միացեալ քննարկումներու եւ լսարաններու ձեւաչափով:

Երկուստեք անհրաժեշտ նկատուեցաւ Հայաստան-սփիւռք մասնագիտական բնոյթի քննարկումներու խորացումը, յատկապէս նկատի ունենալով թշնամիներուն ձեռնարկած ակադեմական թէ տեղեկատուական նենգափոխութիւններու նորագոյն արշաւը:Աղբիւրը` 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2021, 08:00