Որոնել

Քորոնա Ժահրի քննութիւն Քորոնա Ժահրի քննութիւն 

«Օմիքրոն»-ը կրնայ տնտեսութեան յոռեգոյն դանդաղումը պատճառել» կ՛ըսէ միջազգային դրամատունը

Միջազգային դրամատունը բարեփոխեց 2022 տարուան տեղական համընդհանուր արտադրութեան աճին վերաբերեալ իր նախատեսութիւնը` զայն նուազեցնելով 0,2 առ հարիւր կէտով, եւ նախատեսելով, որ աճը ըլլայ 4,1 առ հարիւր, երբ 2021-ին 5,5 առ հարիւր էր:

Միջազգային դրամատունը զգուշացուց, որ այս տարի համաշխարհային տնտեսական աճը պիտի դանդաղի, եւ չբացառեց բոլոր ցամաքամասերուն վրայ տարածուիլ շարունակուող ու աշխատուժի պակաս ու մատակարարումի հեզասահութեան համար խնդիրներ յառաջացնող «Օմիքրոն»-ի ազդեցութենէն ետք աւելի վատ բեմագրութեան արձանագրումը:

Ունկնդրէ լուրը

Միջազգային դրամատունը բարեփոխեց 2022 տարուան տեղական համընդհանուր արտադրութեան աճին վերաբերեալ իր նախատեսութիւնը` զայն նուազեցնելով 0,2 առ հարիւր կէտով, եւ նախատեսելով, որ աճը ըլլայ 4,1 առ հարիւր, երբ 2021-ին 5,5 առ հարիւր էր:

Դրամատունը նշեց, որ ըստ տարբեր վարկածներու, «Օմիքրոն»-ի պատճառով միատեղ տնտեսական խանգարումները այս տարի կրնան համաշխարհային աճը 0,2-էն 0,7 առ հարիւրով նուազեցնել», ինչ որ պիտի յանգեցնէ աճի 3,9 կամ նոյնիսկ 3,4 առ հարիւրի նահանջի:

Միջազգային դրամատունը համաշխարհային տնտեսութեան հեռանկարներուն շուրջ իր գնահատականին մէջ յայտնեց, որ եթէ յոռեգոյն բեմագրութիւնը իրականանայ, «ցնցումը զգալի պիտի ըլլայ մասնաւորաբար 2022 տարուան առաջին քառորդին, իսկ երկրորդ քառորդին նշանակալի վերականգնում պիտի յաջորդէ»:

Միջազգային դրամատան նախագահ Տէյվիտ Մալպաս յայտնեց. «Ես շատ մտահոգ եմ մնայուն սպիով, որ համաճարակը պիտի ձգէ աճին վրայ»:

Միջազգային դրամատան նախատեսութիւններու բաժինի նախագահ Իհան Քոս ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ եթէ «Օմիքրոն»-ը վարակումներու մեծ թիւով շարունակէ եւ ճնշում բանեցնէ առողջապահութեան համակարգին վրայ, ապա աճը տկար պիտի ըլլայ: Այդպիսի բեմագրութեան մը պարագային աշխատուժի թիւը պիտի նուազի, ինչ որ համաշխարհային մատակարարումներու հեզասահութեան խանգարումը պիտի աւելցնէ եւ վատթարացնէ սղաճը: Սղաճի վատթարացման պարագային Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական դրամատունը անակնկալօրէն պիտի բարձրացնէ տոկոսի գիները, ինչ որ մրցանշային պարտքերու պատճառով տառապող զարգացող երկիրներուն համար վարկ առնելու գինը պիտի բարձրացնէ:

Աղբւիրը՝ Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2022, 08:39