Որոնել

78E2RSISfXjwv1AG885v.jpg

Հաղորդաշար` նուիրուած Հայկական Գրականութեան (14) - ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ (1869-1923)

Թումանեանի արուեստին մեծութիւնը կը կայանայ հոն, որ ան իր հերոսները երբեք չի կաշկանդեր, անոնք ազատ են: Անոնց կեանքը նախախնամութեան կամքով գծուած հունով կ'ընթանայ, առանց հեղինակի միջամտութեան:
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Դսեղցի Յովհաննէս Թումանեանի շնորհիւ է, որ 19-րդ դարու արեւելահայ գրականութեան մէջ մուտք գործեց հայ գիւղը՝ իր բնակչութեամբ, կենցաղով, բարքերով եւ սովորութիւններով: Թումանեան, ծնած եւ մեծցած ըլլալով գեղջկական միջավայրի մը մէջ, իր հետ բերաւ հայրենի Լոռի աշխարհի չքնաղ բնաշխարհին ոգին՝ զայն ներարկելով հայ գրականութեան մէջ, իր արձակ եւ չափածոյ գլուխ գործոցներուն ընդմէջէն:

Գիւղէն ուսման նպատակով տեղափոխուելով Ներսիսեան վարժարան՝ Թիֆլիս, Թումանեան նկատեց այն ակնբախ հակասութիւնը, ուր գոյութիւն ունի գիւղի եւ քաղաքի կենցաղներուն միջեւ: Այս ուժեղ հակասութեան խորապատկերին վրայ ան մեծ վարպետութեամբ համատեղեց եւ ստեղծեց իր նշանաւոր պատմուածքներէն մէկը՝ «Գիգորը»:

Աշխարհէն կտրուած, մեկուսացած շրջապատ մըն է փոքրիկ Գիգորի ապրած
գիւղը, ուր կարծես սառած կեցած է ժամանակը: Այստեղ հերոսները գիւղացիներ են՝ յամառ, բայց չափազանց միամիտ եւ հաւատացեալ Քրիստոնեայ մարդիկ: Իսկ անդին քաղաքը կը յատկանշուի իր կենցաղային արագ կշռոյթով բարքերու խաթարումով, սատանայական խորամանկութիւններով եւ դաւադրութիւններով: Այսպէս, մէկ կողմէ ժամանակէն դուրս տգիտութիւն, պարզութիւն եւ միամտութիւն (բնածին բարութիւն), իսկ միւս կողմէ՝ համատարած անխղճութիւն, խաբէութիւն եւ նենգամտութիւն:

Թումանեանի արուեստին մեծութիւնը կը կայանայ հոն, որ ան իր հերոսները երբեք չի կաշկանդեր, անոնք ազատ են: Անոնց կեանքը նախախնամութեան կամքով գծուած հունով կ'ընթանայ, առանց հեղինակի միջամտութեան:

Այսպիսի ճակատագրապաշտ տրամադրութեանց զոհ է Անուշը «Անուշ» պատումին մէջ, ուր Համբարձման օրուան վիճակախաղին ժամանակ բախտագուշակին կողմէ կատարուած ողբերգական կանխագուշակութիւնը «Ճիկարին կիւլլէ դիպչի, ով որ քեզ սիրի աղջի» ճակատագրական եւ վճռորոշ եղաւ Անուշին համար:

Իւրաքանչիւր անհատ արդիւնք է իր միջավայրին: Թումանեանի գործերուն մէջ նախախնամութիւնն է, որ կը գործէ:

Անուշն ու Սարոն սիրեցին զիրար: Որոշեցին փախչիլ: Փախան եւ կործանումի ենթարկուեցան, որովհետեւ ի վերուստ այդպէս ծրագրուած էր. «Աղջէ ես գիտեմ, որ ես բախտ չունեմ, ես միշտ էլ էսպէս անբախտ եմ եղել, մանուկ օրից էլ ծերն ինծ անիծեց»: Անոնք կորստեան պիտի մատնուէին, որովհետեւ միջավայր չկար, օդ չկար, տարածութիւն չկար: Իրենք նոր ժամանակներն ու նոր բարքերը կը ներկայացնէին, իսկ Մոսինը հինի ներկայացուցիչն էր, այդ միջավայրին իսկական արդիւնքը: Ուստի անպայման տեղ մը հինն ու նորը պիտի բախէին:

Երբ Սարոն ու Մոսինը աւանդութեան համաձայն Համբարձման օրը իրար հետ խաղցան, Սարոն խաղի պահուն նկատելով սիրած աղջիկը՝ Անուշը, մոռցաւ ամէն բան (վասնզի ան նորն էր, եւ չունէր կաշկանդող կապանքներ), մոռցաւ, որ այդ խաղին օրէնքին մէջ յաղթողներ եւ պատուողներ պիտի չըլլային, ինքնամոռացութեան մէկ պահուն առաւ եւ գետին զարկաւ Մոսինը, վերջինս, որ հինի իսկական ներկայացուցիչն էր, երբ ոտքի ելլելով ուշքի եկաւ, նկատեց, որ ամբողջ գիւղը կը ծիծաղի «Վա՜յ... պարտուեց» անմիջապէս թշնամացաւ իր մտերիմ ընկերոջ՝ Սարոյին հետ: Հարցը աւելի բարդացաւ, երբ Սարոն այսքանին վրայ յանդգնեցաւ փախցնել աւանդապաշտ Մոսինին քոյրը. «Փախցրել է Սարոն, Սարոն Անուշին, ամօթ իկիտին, ամօթ Սարոյին»:

Այսպիսով սկսաւ պայքարը հինի եւ նորի միջեւ, մինչեւ գործի ողբերգական աւարտը՝ Սարոյին սպանութիւնը, Անուշի խելագարութիւնն ու ինքնասպանութիւնը. Ամբողջ երկնային սիրոյ մը արտայայտութեան աւարտը: Փաստօրէն Մոսին զոհն էր գիւղական՝ նահապետական բարքերուն եւ սովորութիւններուն, իսկ մտերիմ ընկերն ու հարազատ քոյրը գինն էին այդ զոհաբերութեան:

Ռոմանթիք գրողներուն քով սէրը միշտ մահ կը բերէ: Սիրահարները մահուան մէջ միայն իրարու կը հասնին, ուր սիրոյ անվիճելի յաւերժութիւնն է:

Ռոմանթիքներու ամէնէն շատ սիրած թեման ողբերգական սիրոյ թեման է: Իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն ունի իր կառուցուածքը, բաղկացած տեղեկատուական կեդրոնէ մը եւ իր բաղադրամասերէն՝ միտքեր, յոյզեր, սէրեր...

Տեղեկատուութիւնը կը ստեղծուի բնագիրին միջոցով եւ կը տարածուի ամբողջ համակարգին մէջ: Բանաստեղծութեան կառուցուածքին մէջ իւրաքանչիւր բառ իր դերն ունի, ամէն ինչ պայմանաւորուած է, արդ՝ եթէ բանաստեղծութենէն տուն մը ջնջուի, ապա բանաստեղծութիւնը կը մեռնի:

Այսպիսով, բանաստեղծութիւնը ինքզինք կառուցելով եւ զարգանալով կը հասնի իր տրամանաբանական աւարտին: Ահա թէ ինչու, մեծ վարպետութեամբ գրուած «Անուշ» պատումը ստեղծագործական կատարելութիւն է: Ան 19-րդ դարու հայ գիւղաշխարհին ոգին է արեւելահայ գրականութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2022, 07:29