Որոնել

Եւրոպական Միութիւնը կը սերտէ Հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնման վերաբերեալ Իրանի պատասխանը Եւրոպական Միութիւնը կը սերտէ Հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնման վերաբերեալ Իրանի պատասխանը 

Եւրոպական Միութիւնը կը սերտէ Հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնման վերաբերեալ Իրանի պատասխանը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ ստացան հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ եւրոպական առաջարկին իրանեան պատասխանը եւ այժմ զայն կը սերտեն»:

Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց, որ կը սերտէ 2015 թուականին կնքուած հիւլէական համաձայնագիրը վերականգնելու իր առաջարկներուն վերաբերեալ Իրանի պատասխանը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի բանբերը յայտնեց, որ իրանեան պատասխանը ստացուած է երկուշաբթի օր ուշ գիշերին:

«Զայն կը սերտենք, եւ Գործողութիւններու համապարփակ ու միացեալ ծրագիրին (հիւլէական համաձայնագիրի պաշտօնական անունը, «Ա.») մասնակից մնացեալ գործընկերներուն եւ Միացեալ Նահանգներու հետ կը խորհրդակցինք յառաջ շարժելու ձեւին շուրջ», ըսաւ բանբերը:

Նախքան այդ, Եւրոպական Միութենէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ Իրան պատասխանած է հիւլէական համաձայնագիրը վերականգնելու Եւրոպական Միութեան պատրաստած համաձայնութեան «վերջնական» բնագիրին: Ան իրանեան պատասխանին վերաբերեալ որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդեց:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երկուշաբթի յայտնած էր, որ իր երկիրը երկուշաբթի կէս գիշերին պիտի պատասխանէ հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնման համաձայնութեան Եւրոպական Միութեան վերջնական տարբերակին, եւ Ուաշինկթընին կոչ ուղղած էր` «ճկունութիւն ցուցաբերելու»:

«Փոլիթիքօ» պարբերաթերթը իր կարգին, յղում կատարելով արեւմուտքցի մեծ պաշտօնատարի մը, յայտնած է, որ իրանեան պատասխանը կեդրոնացած է պատժամիջոցներու եւ տնտեսական մասնակցութեան վրայ` նշելով, որ պատասխանը որեւէ յաւելեալ պահանջ չէ ստացած:

Պարբերաթերթը նշեց, որ իրանեան պատասխանը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, որ Թեհրան «կ՛ուզէ շարունակել եւրոպական առաջարկի կարգ մը կէտերուն վերաբերեալ բանակցութիւնը, եւ զայն կարելի չէ վերջնական պատասխան մը նկատել, թէ առաջարկը կ՛ընդունի կամ կը մերժէ»:

Սակայն Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը ըսաւ, որ իրանեան պատասխանը «շատ սուր» չէր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ ստացան հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ եւրոպական առաջարկին իրանեան պատասխանը եւ այժմ զայն կը սերտեն»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2022, 10:59