Որոնել

1.jpg

Սուրբ Աստուածածնայ վանքի ուխտի օրը Ազգային պատկանելիութեան վերաշեշտումով

Սրբազնագոյն Հայրապետը յիշեցուց, որ հայ ազգը իր գոյութենական պայքարին ամէնէն դաժան պահերուն իսկ կրցած է տոկալ եւ այդ մէկը եղած է շնորհիւ չորս սրբազան կառոյցներու՝ ընտանիք, եկեղեցի, դպրոց, հայրենիք։

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Շաբաթ, 13 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրէն ներս։ Բացօդեայ Սրբոց Նահատակաց Ս. Խորանին վրայ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական թափօրով Ս. Խորան բարձրացաւ եւ կատարեց մատաղի ու խաղողի օրհնութեան կարգը՝ աղօթք բարձրացնելով առ բարձրեալն Աստուած, որ Ս. Հոգիին շնորհները ղրկէ մատաղին ու խաղողին վրայ, Իր ողորմութեամբ օրհնէ զանոնք, ընդունի հաւատացեալներուն ուխտը եւ օրհնուած խաղողէն ու մատաղէն ճաշակողներուն իղձերը։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը։ Ան ներկայ եւ առցանց դրութեամբ հետեւող մեր ժողովուրդի զաւակները հրաւիրեց, աղօթք դարձած, Ս. Մարիամ Աստուածամօր ոգեղէն ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ լեցուն հոգեպարար պահուն, դառնալու Ս. Կոյսին, որպէսզի անոր բարեխօսութիւնը հայցելով խաղաղութիւն տիրէ հայոց աշխարհէն եւ միասնականութիւն՝ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս. որպէսզի մեր կեանքէն հեռանան տագնապ ու տառապանք, ցաւ, հիւանդութիւն ու չարիք. որպէսզի մեր կեանքը լեցուի առողջութեամբ, երջանկութեամբ, գործոց բարեաց յաջողութեամբ եւ երկնային  բարիքներով։

Առաջին հերթին, Հայրապետը յիշեց Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան նախորդող շաբթուան ընթացքին, ամէնօրեայ դրութեամբ, մեր Ս. Աթոռին երիտասարդ միաբան հայրերուն կողմէ կատարուած հոգեւոր խորհրդածութիւնները, որոնց ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակները հաղորդակից դարձան Ս. Մարիամ Աստուածածնին իւրայատուկ տեղին ու դերին մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, որ Վանքի Ուխտի Օրուան առիթով արտասանուած Մեր Հայրապետական պատգամի ընթացքին ընդհանրապէս կ՚անդրադառնանք մեր ժողովուրդը յուզող համահայկական խնդիրներու ու մտահոգութիւններու։ Այսօրուան Մեր հայրական խօսքին խորագիրն է «Մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային եւ ազգային պատկանելիութեան վերաշեշտում»։ Այս ծիրին մէջ, Հայրապետը անդրադարձաւ վերաշեշտման տուն տուող հիմնական դրդապատճառներուն եւ զանոնք դիմագրաւելու ազդու միջոցներուն՝ սկսելով համաշխարհայնացման ժխտական ազդեցութիւններէն, որոնք մեր ազգը կը հեռացնեն ազգային արժէքներէ եւ կը քանդեն ամէն տեսակ ինքնութեան հաւատարմութիւն եւ պատկանելիութեան ինքնահասկացողութիւն։ Ուստի, Սրբազնագոյն Հայրապետը յիշեցուց, որ հայ ազգը իր գոյութենական պայքարին ամէնէն դաժան պահերուն իսկ կրցած է տոկալ եւ այդ մէկը եղած է շնորհիւ չորս սրբազան կառոյցներու՝ ընտանիք, եկեղեցի, դպրոց, հայրենիք։

Արամ Ա
Արամ Ա

Վեհափառ Հայրապետը խոր մտահոգութեամբ անդրադարձաւ յիշեալ կառոյցներուն պարզած ներկայ քաոսային կացութեան։ Այսօր, ցաւ ի սիրտ, դառն ճշմարտութիւնն այն է, որ մեր կառոյցներուն մէջ զգալիօրէն կը տեսնենք օտար ամուսնութիւններու եւ օտար վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւի աճ, որոնք փոխանակ օտարը հայացնելու, բռնած են հայը օտարացնելու ճամբան։ Մեր կառոյցներուն ժամանակավրէպ ըլլալնուն պատճառով երիտասարդութիւնը կը հեռանայ անոնցմէ, ի մասնաւորի եկեղեցիէն, որովհետեւ եկեղեցին ալ, իր կարգին, ներկայ աշխարհին պայմաններուն դիմաց, կարիքը ունի ինքզինք վերանորոգելու եւ բարեկարգելու, միշտ հաւատարիմ մնալով իր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային դիմագիծին։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ 2022 թուականը Հայրապետական հռչակագրով «Սփիւռքի Տարի» հռչակելը պարագայական երեւոյթ չէր, այլ մեկնած էր այն համոզումէն, որ Սփիւռքը կարիքը եւ անհրաժեշտութինը ունի վերակազմակերպուելու ու վերակենսաւորուելու, բառին ամբողջական հասկացողութեամբ։ Ան դիտել տուաւ, որ մեր կառոյցները, դժբախտաբար, չեն կարողացած ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահել. անոնք միայն փորձած են եղածը պահել, իսկ եղածը պահել կը նշանակէ անցեալ դառնալ։ «Սփիւռքի Տարի» հռչակելով Մեր նպատակն է մեր ժողովուրդը արթնցնել, զգաստացնել, մեր պատասխանատուները հրաւիրել վերանորոգելու, վերակազմակերպելու եւ  վերաշխուժացնելու մեր կառոյցները, միշտ համահունչ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, նաեւ՝ հաւատարիմ մեր արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն»։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը յայտնեց, որ այսօր առաւել քան երբէք, երբ մեր ինքնութիւնը սկսած է այլ գոյն ստանալ, Սփիւռքի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, մենք կարիքը ունինք բիւրեղացման ու վերակազմակերպման. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսոթիւնը, իր թեմերով եւ ժողովական կառոյցներով, լծուած է այս կենսական աշխատանքին։ Մեր բոլոր գաղութները կարիքը ունին վերակազմակերպուելու եւ այս ծիրէն ներս յատուկ դեր վերապահուած է մեր երիտասարդներուն, մտաւորականներուն եւ փորձագէտներուն, որոնք կոչուած են մասնակից դառնալու Սփիւռքի վերակազմակերպման անյետաձգելի եւ հաւաքական աշխատանքին»։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք երրորդութեան եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի հզօրացումն ու Արցախի անկախութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդումը անհրաժեշտ կարիքը ունին հզօր Սփիւռքի՝ իր մարդուժով, լայն կարելիութիւններով եւ ուժեղ կարողականութեամբ, որուն մէջ իր կարեւոր ներդրումն ու դերակատարութիւնը ունի Հայաստանը։ Առ այդ, Հայրապետը կոչ ուղղեց ողջ հայութեան չբաժնելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք երրորդութիւնը եւ խորացնելու ազգային գիտակցութիւնը ու վերաշեշտելու հոգեւոր, բարոյական, մշակութային եւ ազգային պատկանելիութիւնը. «Ա՛յս է մեր ժողովուրդին հզօրութեան, գոյութեան ու յաւերժութեան միակ ճամբան», եզրափակեց Հայրապետը իր պատգամը։

Ս. Պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները հաղորդակից դարձան մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. մարմնին եւ Ս. Արեան եւ իբրեւ օրհնութիւն եւ ուխտի կատարում՝ իրենց հետ տարին օրհնուած մատաղն ու խաղողը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2022, 21:29