Որոնել

440px-Petros_Duryans_grave_at_PantheonAEM.jpg

Հաղորդաշար` նուիրուած Հայկական Գրականութեան (20) - ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ (4)

Դուրեան այսօր եւս իր կեանքով, գործով ու էութեամբ կը յուզէ, կը ներշնչէ ու կեանքի նոր որակ ու իմաստը կը թելադրէ մեզի` ապրելու, արարելու եւ իմաստաւորելու մեր կեանքի ուղին իբրեւ ի վերուստ տրուած ամենաթանկ ու անգնահատելի պարգեւ:
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

.... շարունակութիւն

Հաղորդաշարը պատրաստուած է`

Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ

 

«Զղջում»: Այստեղ Դուրեան մօր հեծեծանքը լսելով իր «Սեւ մըրափէն» կ’արթննայ, ապա տեսնելով մօր «արտօսրը» սարսափահար Զղջումի կը դիմէ:

ԶՂՋՈՒՄ

Երէկ երբ պաղ քրտնաց մէջ Սեւ մըրափ մը կ’առնէի,
Եւ թօշնած զոյգ մը վարդեր Այտերուս վրայ կ’այրէին, Անշուշտ ճակատիս վրայ մահու Դալկութիւն մը կը պըլպլար, Եւ մահու թռիչ մ'ունէի, Լըսեցի մօրս հեծեծում... Բացի աչերս խոնջած, Մօրըս արտօսրը տեսի՜... Ո՜հ, ճշմարիտ գորովի Մարգարիտներ լոյծ ու կեղծ Մայրըս անհո՜ւն ցաւ մ'ունէր. Այն սեւ ցաւը ես՛ էի...
Ա՜հ, գըլուխըս փոթորկեց, Այն սեւ հեղեղն տըւի դուրս. Ո՜հ, ներէ՛ ինձ, Աստուած իմ, Մօրըս արտօսրը տեսի...

Երէկ երբ պաղ քրտնաց մէջ Ցուրտ մըրափ մը կ’առնէի Զոյգ մը վարդից ելեւէջ Այտերուս վրայ այրէին. Վերայ ճակտիս իմ, մահու Դալկութիւն մը պլպըլար, Վերայ հոգւոյս սիրարկու, Անկաւ շունչ մօրս որ կու լար... Բացի աչերըս խոնջած, Գըթոյն արտօսրը տեսի՜... Համբոյրն յերեսըս հանգչած Սուրբ յիշատակ մը վերջի... Յուր Մայրս անհո՜ւն ցաւ մ’ունէր, Այն սեւ ցաւը ես՛ էի...
Ա՜հ, գըլուխըս փոթորկեց, Այն սեւ հեղեղն դուրս տըւի. Ո՜հ, ներէ՛ ինձ, Աստուած իմ, Մօրըս արտօսրը տեսի...

 

Արտաքին երեւոյթները կեղծ են ու խաբուսիկ, սակայն այն ցաւը, որ Դուրեան իր մօր աչքերուն մէջ տեսաւ, այն ներքին տառապանքն ու տուայտանքը, իսկական էր եւ ոչ արհեստական, ուստի պէտք չէր սպասել, այլ անյապաղ պէտք էր մեղայի գալ: Նկատելի է, որ Դուրեան մօրը վիշտը խորութեամբ ընկալեց ու ի սրտի զղջաց իր «Սեւ հեղեղի»` «Տրտունջք»ի համար, որ նախորդ օրը «Դուրս տուած» էր:

Դուրեան ստեղծեց նոր տաղաչափութիւն, շարահիւսական գերազանց համակարգ, որուն լեզուն չափազանց զգացական է, բայց շատ պատկերաւոր, իսկ տաղաչափութիւնը խիստ երաժշտական ու յանգաւոր:

Դուրեան այսօր եւս իր կեանքով, գործով ու էութեամբ կը յուզէ, կը ներշնչէ ու կեանքի նոր որակ ու իմաստը կը թելադրէ մեզի` ապրելու, արարելու եւ իմաստաւորելու մեր կեանքի ուղին իբրեւ ի վերուստ տրուած ամենաթանկ ու անգնահատելի պարգեւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2022, 07:25