Որոնել

Սոմալիա Սոմալիա 

Սոմալիոյ մէջ երաշտը պատճառ դարձաւ աւելի քան մէկ միլիոն անձերուն տեղափոխումին

ՄԱԿ-ի տուեալներու համաձայն, 2021 թուականին յունուար ամիսէն ի վեր ներքին տեղահանուածներու թիւը հասած է մէկ միլիոնի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սոմալիոյ մէջ կը տիրէ ահաւոր եւ անտանելի իրավիճակ։ Ընթացիկ տարուան սկիզբէն ի վեր, ծայրայեղ երաշտի պատճառով աւելի քան 755000 անձեր լքած են իրենց հողերը։

ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի տուեալներու համաձայն, 2021 թուականին յունուար ամիսէն ի վեր ներքին տեղահանուածներու թիւը հասած է մէկ միլիոնի։

Սոմալիոյ նախագահը, տիար Հասան Չէյխ Մահմուտ, յունուար ամսուան սկիզբը, Սոմալիոյ սփիւռքն ու միջազգային ընտանիքը հրաւիրած է երկիրը օգնելու, ուր երաշտը կը սպառնայ 7 միլիոն բնակչութեան կէսին։

«Միշտ ականատես կը դառնանք բազմաթիւ ընտանիքներուն, որոնք ստիպուած ամէն ինչ կը լքեն, իրենց գիւղերուն մէջ ջուրի եւ կերակուրի պակասին պատճառով։ Հրատապ է աւելցնել օգնութեան միջոցները նախ քան որ ուշ դառնայ» ըսած է Սոմալիոյ նախագահը։

Սոմալիոյ մէջ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը

Մոկատիշոյի մէջ 2001 թուականէն, առաքելական կառավարիչ, գերապայծառ Ճորժօ Պերթին վկայ դարձած է Սոմալիոյ մէջ տիրած մարդասիրական աղէտին։

«Երկրին իրավիճակը ողբերգական է» նշած է Առաքելական Կառավարիչը, Վատիկանի Ռատիոյ կայանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, յայտնելով թէ անցեալ շաբաթ, Սոմալիոյ մէջ առաքելական պատուիրակ, գերապայծառ Անթուան Քամիլերիի ընկերակցութեամբ հանդիպած է Սոմալիոյ կառավարութեան մէջ մարդասիրական արտակարգ իրավիճակներուն պատասխանատուին հետ։

Գերապայծառ Պերթինի վկայութեան համաձայն Սոմալիոյ իրավիճակը վատ է յատուկէն հարաւ արեւմուտքին մէջ ու ամէնէ շատ տառապողները խոցելի անձերն են ու բոլոր անոնք` որոնք կ՛ապրին գիւղատնտեսութեան արտադրումներով եւ անձրեւի պակասի պատճառով ամէնէ շատ տուժողները կը դառնան։

Յայտնենք, թէ եկեղեցին Սոմալիոյ մէջ տեղական Քարիթասի միջոցաւ ամէն ջանք կը թափէ օգնելու համար տառապող անձերուն՝ գործելով Սոմալիոյ տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ։

Գերապայծառ Պերթին նշեց, թէ յառաջիկայ օրերուն եկեղեցին պիտի հրաւիրէ միջազգային ընտանիքը օգնութեան հասնելու համար Սոմալիոյ մէջ երաշտէն տառապող բնակչութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2022, 10:58