Որոնել

1664440666520.jpg

Նախագահական ընտրութեան անդրանիկ նիստը ծառայեց բազկերակները շօշափելու

Նիստին ներկայ էին 122 երեսփոխաններ, 4 երեսփոխաններ բանաւոր պատճառներով բացակայ էին, իսկ երկու ուրիշներ` Սթրիտա Ժահժահ եւ Սելիմ Սայեղ, բացակայ էին:

Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին խորհրդարանը գումարեց նախագահական ընտրութեան անդրանիկ նիստը, որ ծառայեց շօշափելու երեսփոխաններուն կամ երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն բազկերակները:

Նիստին ներկայ էին 122 երեսփոխաններ, 4 երեսփոխաններ բանաւոր պատճառներով բացակայ էին, իսկ երկու ուրիշներ` Սթրիտա Ժահժահ եւ Սելիմ Սայեղ, բացակայ էին:

Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը սկսաւ իր բնական սահմանադրական ընթացքով, որուն ծիրին մէջ Պըրրի հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է եւ յայտնած, որ անոր ներկայութիւնը պայման չէ:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի կողմէ նախագահին յարանուանութեան, այսինքն` մարոնի ըլլալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով, Պըրրի շեշտեց, որ անիկա աւանդութիւն է, աւելցնելով. «Ըստ երեւոյթին ախորժակներ ունիս»:

Նախագահական ընտրութեան քուէարկութիւնը կատարելէ ետք պարզուեցաւ արդիւնքներու հետեւեալ պատկերը. ճերմակ քուէ` 63, Միշել Մուաուատ` 36, Սելիմ Էտտէ` 11, Լիբանան` 10, Մահաս Ամինի` 1 եւ Ռաշիտ Քարամէի ուղեգիծ` 1:

Քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ Պըրրի յայտնեց, որ ինք պատրաստ է նախագահական ընտրութեան երկրորդ նիստը անմիջապէս սկսելու, սակայն այդ պահուն իսկ խորհրդարանին մէջ օրինաթիւը չքացաւ: Հետեւաբար յայտարարուեցաւ նիստին աւարտը:

Պըրրի ընդգծեց, որ յաջորդ նիստը պիտի հրաւիրէ նախագահի անձին շուրջ համախոհութիւն գոյացնելէ ետք` աւելցնելով, որ եթէ ան 128 քուէ չստանայ, ապա կարելի պիտի չըլլայ Լիբանանը փրկել:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հետեւեցաւ նախագահական ընտրութեան նիստին եւ գոհունակութիւն յայտնեց` նախագահական ընտրութեան գործընթացին սկիզբին համար:

Ան գնահատեց տիրող ժողովրդավարական մթնոլորտը, որով լիբանանեան վարչակարգը առանձնայատուկ է:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստերուն գումարումը շարունակուի, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կարենայ շարունակել բարեկարգումի եւ փտածութեան դէմ պայքարելու ուղին, ինչպէս նաեւ դիմակայէ տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները, որոնցմէ կը տառապին քաղաքացիները:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2022, 08:04