Որոնել

Հայկական Տառեր Հայկական Տառեր 

«Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարակէսէն մինչեւ մեր օրերը» թեմայով գիտաժողով Երեւանի մէջ

Գիտաժողովը մեկնարկեց լռութեան րոպէով՝ յոտնկայս յարգելով յանուն Հայրենիքի նահատակուած զոհերուն յիշատակը։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակն ու Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը, Սեպտեմբեր 23-ին, ՀՊՄՀ դահլիճին մէջ  կազմակերպեցին համահայկական գիտաժողով՝ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարակէսէն մինչեւ մեր օրերը» խորագիրով։

Գիտաժողովը մեկնարկեց լռութեան րոպէով՝ յոտնկայս յարգելով յանուն Հայրենիքի նահատակուած զոհերուն յիշատակը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, բ.գ.դ. փրոֆէսըր Սուրէն Դանիէլեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Անուշավան եպիսկոպոս Ժամկոչեան՝ կարեւոր համարելով Ցեղասպանութիւն վերապրած պոլսահայութեան դերը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։

Ս. Դանիեէեան ընթերցեց Պոլսոյ պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Սահակ Բ. Մաշալեանի օրհնութեան խօսքը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՊՄՀ ղեկավար, հ.գ.դ. փրոֆէսըր Սրբուհի Գէորգեանը՝ նշանաւոր համարելով համալսարանի 100-ամեակին նման թեմայով գիտաժողովի կազմակերպման կարեւորութիւնը։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեան՝ ԿՎ անունով ողջունեց գիտաժողովին մասնակիցները եւ իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց, որ ներկայ օրերուն, երբ Սփիւռքը ուծացման տագնապի առաջ կանգնած է, երբ Հայրենիքի մէջ կը նուազի հետաքրքրութիւնը սփիւռքահայ գրականութեան եւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ, կարեւոր է պոլսահայ գրականութեան համահայկական գիտաժողովի մակարդակով անդրադառնալը։

«Արեւմտահայերէնի գոյութիւնը լուրջ վտանգուած է։ Ազգային աղէտներուն համընթաց՝ պոլսահայ գրական ժառանգութեան նուիրուած գիտաժողովը իր գիտական վերլուծութեամբ, հայրենիքի մէջ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու կարեւոր քայլ է»,- նշեց Զ. Քեշիշեան։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտեց,- «Մեր պետութեան այս ժամանակահատուածին խորհրդանշական է պոլսահայ գրականութեան նուիրուած այս գիտաժողովը, որովհետեւ այն, ինչ կ՝ըսէ գրականութիւնը, հաւանաբար, չկարենան ըսել քաղաքագէտները»։

Հայաստանի Գրողներու միութեան անունով մասնակիցները ողջունեց եւ խօսք ըսաւ ՀԳՄ քարտուղար Պետրոս Տէմիրճեան։

Գիտաժողովի զեկուցումները ընթացան երկու նիստով, որոնց ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկան բազմաթիւ փրոֆէսըրներ եւ գիտաշխատողներ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2022, 08:00