Որոնել

1669233803248.jpg

Փութին եւ Փաշինեան Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցան

Փութին եւ Փաշինեան քննարկեցին նաեւ Արցախի վերաբերող հարցեր՝ ՀԱՊԿի վեհաժողովէն առաջ, ընթացքին եւ անկէ ետք: Փութին դիտել տուաւ, որ հազուադէպ կ՛ըլլայ, որ բոլոր հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, բայց ընդհանուր առմամբ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ աշխատանքը շատ հետեւողական եւ օգտակար եղած է:

ՀԱՊԿի՝ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նիստէն ետք հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: 

«ՌԻԱ Նովոսթի»ի թղթակիցը յայտնեց, որ Փութին տեղեկացուց, թէ Փաշինեանի հետ քննարկեցին փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան բացումը եւ ճգնաժամային իրավիճակի կարգաւորումը:

Ըստ «Սփութնիք Արմենիա»ի՝ Փութին շնորհաւորեց Հայաստանը՝ ՀԱՊԿի նախագահութեան յաջող աւարտին համար, եւ շեշտեց, որ Ռուսիա եւ Հայաստան դաշնակիցներ են, անոնց միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն աւելցած է 67 տոկոսով:

Փութին եւ Փաշինեան քննարկեցին նաեւ Արցախի վերաբերող հարցեր՝ ՀԱՊԿի վեհաժողովէն առաջ, ընթացքին եւ անկէ ետք: Փութին դիտել տուաւ, որ հազուադէպ կ՛ըլլայ, որ բոլոր հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, բայց ընդհանուր առմամբ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ աշխատանքը շատ հետեւողական եւ օգտակար եղած է:

Փաշինեան եւս խօսեցաւ տնտեսական զարգացող կապերուն մասին եւ աւելցուց, թէ Փութինի հետ քննարկած է տարածաշրջանային ապահովութեան եւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու պահպանման վերաբերող հարցեր:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2022, 08:24