Որոնել

2023.01.23 Gasdotto

Արցախի ամբողջական շրջափակումը կը շարունակուի. Ազրպէյճանը կրկին ամբողջութեամբ փակած է Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակը

Եղանակային առկայ պայմաններուն մէջ ելեկտրուժի մատակարարումը կ՛իրականացուի Արցախի ներքին սահմանափակ միջոցներուն հաշուոյն` օրական արդէն 6 ժամ տեւողութեամբ անջատումներով, ինչ որ շարունակաբար աճելու միտում ունի», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ազրպէյճանական կողմը շաբաթ օր կրկին ամբողջութեամբ փակած է Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը:

«Սելսիուսի սանդղակով Արցախի մէջ -5 աստիճանի պայմաններուն մէջ բնական կազի` վերջին օրերուն արդէն քանիերորդ անգամ անջատումը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ պաշտօնական Պաքուն Արցախի 120 հազար շրջափակման մէջ գտնուող խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, միջազգային հանրութեան թողտուութեան պայմաններուն մէջ, կը վարէ բացայայտ ահաբեկչական քաղաքականութիւն:

Նշենք, որ աւելի կանուխ` 9 յունուարին, ազրպէյճանական կողմի միջամտութեամբ խափանուած է նաեւ Գորիս-Ստեփանակերտ 110 քիլոուաթ բարձր լարային միակ ելեկտրական գիծը` Արցախի բնակիչները զրկելով նաեւ ելեկտրական հոսանքի կայուն մատակարարման կարելիութիւններէն:

Եղանակային առկայ պայմաններուն մէջ ելեկտրուժի մատակարարումը կ՛իրականացուի Արցախի ներքին սահմանափակ միջոցներուն հաշուոյն` օրական արդէն 6 ժամ տեւողութեամբ անջատումներով, ինչ որ շարունակաբար աճելու միտում ունի», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2023, 10:52