Որոնել

Արցախ Արցախ 

4700 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը. Արցախի շրջափակման 45-րդ օրն է

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 46 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակած է շրջափակման 45-րդ օրուան վիճակագրութիւնը։

11 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ:

10 չափահասյ բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնց 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։

Արդէն 164 երեխայ ծնած է շրջափակման մէջ:

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրուած վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով 500 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն։

Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 46 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։

Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով նախնականօրէն առնուազն 4700 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը։

Աւելի քան 17,600 թոն կենսական նշանակութեան ապրանքներ պիտի մակատարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որուն ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ մատակարարուած է անոր միայն չնչին մասը:

Կարեւոր փաստեր

ազրպէյճանի կառավարութեան գործակալները ահաբեկչական գործողութիւններով 45 օր շարունակ շրջափակման պայմաններու մէջ պատանդ կը պահեն Արցախի 120,000 բնակչութիւնը:

Շրջափակման պատճառով Արցախի 120,000 բնակչութիւնը (ներառեալ՝ շուրջ 30,000 երեխայ, 20,000 տարեց, 9000 հաշմանդամ) կը կրէ բազմաթիւ զրկանքներ եւ կանգնած է նաեւ սովի վտանգին առջեւ:

Շրջափակման պայմաններուն մէջ սնունդի սրացող սղութեան պատճառով՝ Յունուար 9-էն ամբողջութեամբ կամ մասամբ փակուած է 41 մանկապարտէզ, 56 նախադպրոցական խումբ։

6828 երեխայ այլեւս չի կրնար մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկարօրեայ դպրոց յաճախել՝ զրկուելով համապատասխան խնամք, սնունդ եւ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն:

Յունուար 18-էն ջեռուցման ու ելեկտրամատակարարման խնդիրներուն պատճառով դադրեցուած է Արցախի բոլոր 118 դպրոցներուն աշխատանքը՝ աւելի քան 20,000 երեխայ զրկելով կրթութիւն ստանալու իրաւունքէն:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2023, 08:24