Որոնել

Սիւնիք Սիւնիք 

Եւրոպական Միութիւնը անդամ երկիրները, գործընկերները հրաւիրած է` ուժերը միաւորելով առաւելագոյնի հասցնելու աջակցութեան ազդեցութիւնը

Նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է նպաստել Սիւնիքի մարզի կայուն ընկերային-տնտեսական եւ հաստատութենական զարգացման` համակարգուած գործողութիւններ ձեռնարկելով համապատասխան Հայաստանի կառավարութեան մարզերու զարգացման առաջնահերթութիւններուն։

Եւրոպական Միութիւնը որոշած է անդամ երկիրներն ու համախոհ գործընկերները հրաւիրել` միաւորելու ուժերը եւ առաւելագոյնի հասցնելու Սիւնիքին աջակցութեան ազդեցութիւնը` «Դիմակայուն Սիւնիք Եւրոպա խումբ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ: «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութենէն` մանրամասնութիւններ ներկայացնելով «Դիմակայուն Սիւնիք Եւրոպա խումբ» նախաձեռնութեան մասին, որուն պաշտօնական մեկնարկը տրուած է 18 յունուարին:

«Դիմակայուն Սիւնիք Եւրոպա խումբ նախաձեռնութիւն»-ը Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական ներդրումային դրամատան, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ` Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Լեհաստանի, Շուէտի, ինչպէս նաեւ գործընկեր հանդիսացող Զուիցերիոյ միացեալ նախաձեռնութիւնն է:

Այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է նպաստել Սիւնիքի մարզի կայուն ընկերային-տնտեսական եւ հաստատութենական զարգացման` համակարգուած գործողութիւններ ձեռնարկելով համապատասխան Հայաստանի կառավարութեան մարզերու զարգացման առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան Տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի հարաւային շրջաններուն մէջ դիմակայունութեան վերաբերեալ ուղենշային ծրագիրի առաջնահերթութիւններուն:

Իսկ թէ ինչո՞ւ ծրագիրի իրականացման համար ընտրուած է Սիւնիքի մարզը, ինչո՞ւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները կարեւոր կը նկատեն այն մարզը, որուն նկատմամբ Ազրպէյճանի նախագահը տարածքային յաւակնութիւններ ունի` Եւրոպական Միութեան պատուիրակութենէն պատասխանած են, որ տակաւին երկու տարի առաջ յետպատերազմեան պայմաններուն մէջ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի կառավարութեան հետ կը քննարկէր` աջակցելու առաւել կարիք ունեցող շրջաններուն, պատերազմի հետեւանքներէն մեծ չափով վնասուածներուն: «Սիւնիքի մեծաքանակ կարիքները մեր ուշադրութեան արժանացան, եւ կառավարութեան ու մարզային իշխանութիւններուն հետ քննարկումները ի վերջոյ ներկայացուեցան Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան երկկողմանի ծրագիրին մէջ, որ Եւրոպական Միութեան Տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի հարաւային մարզերու դիմակայունութեան վերաբերեալ ուղենշային նախաձեռնութիւն է: Եւրոպական Միութիւնը որոշած է անդամ երկիրները եւ համախոհ գործընկերները հրաւիրել` միաւորելու ուժերը եւ առաւելագոյնի հասցնելու Սիւնիքին մեր աջակցութեան ազդեցութիւնը «Դիմակայուն Սիւնիք Եւրոպա խումբ Նախաձեռնութեան» ծիրին մէջ», նշած են Եւրոպական Միութեան պատուիրակութենէն:

«Դիմակայուն Սիւնիք Եւրոպա խումբ նախաձեռնութիւն»-ը մասնաւորաբար նպատակ ունի նպաստելու միքրօ, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու (ՄՓՄՁ) համար գործարար միջավայրի բարելաւման եւ մասնաւոր հատուածի մրցունակութեան բարձրացման, քաղաքացիակեդրոն եւ որակեալ հանրային ծառայութիւններու հասանելիութեան ընդլայնման, տարածքային «կանաչ» զարգացման մօտեցումներու կիրարկման եւ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան, կայուն օգտագործման ու վերականգնման:

«Դիմակայուն Սիւնիք Եւրոպա խումբ նախաձեռնութեան» իրականացումով Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ հետեւեալ արդիւնքները` միքրօ, փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու զարգացում մասնաւորաբար սթարթափներու, ՄՓՄՁ-ներու եւ ընկերային ձեռնարկութիւններու կարողութիւններու բարելաւում, առեւտուրին աջակցող ոչ ֆինանսական ծառայութիւններու հասանելիութեան բարձրացում եւ այլն: Նախաձեռնութեան իրականացումով կ՛ակնկալուին նաեւ հետեւեալ արդիւնքները` երիտասարդներու եւ խոցելի խումբերու աշխատունակութեան եւ գործարար հմտութիւններու բարձրացում, կրթութեան ոլորտին մէջ` Սիւնիքի մէջ պաշտօնական եւ արտադպրոցական կրթութեան հասանելիութեան բարելաւում, երիտասարդներու մասնագիտական հմտութիւններու բարելաւում, ընկերային ծառայութիւններու ոլորտին մէջ` խոցելի խումբերու համար համայնքային ընկերային ծառայութիւններու հասանելիութեան բարելաւում եւ այլն:

«Դիմակայուն Սիւնիք Եւրոպա խումբ նախաձեռնութեան» սկզբնական պիւտճէն յառաջիկայ 5 տարիներուն համար կը կազմէ շուրջ 51 միլիոն եւրօ. անիկա կրնայ հետագային աւելնալ, որովհետեւ նախաձեռնութիւնը ճկուն մեքանիզմ է եւ բաց է Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն համար` միանալու եւ իրականացնելու Սիւնիքի մարզի զարգացման ուղղուած նոր նախաձեռնութիւններ:

«Դիմակայուն Սիւնիք Եւրոպա խումբ նախաձեռնութեան» մեկնարկի ձեռնարկի ընթացքին կնքուած է դրամաշնորհային երկու համաձայնագիր:

«Սիւնիքի վերականգնման, դիմակայունութեան եւ զարգացման ծրագիր»-ը կը համաֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան եւ Աւստրիական զարգացման համագործակցութեան կողմէ, եւ կը գործադրուի Աւստրիական զարգացման գործակալութեան կողմէ: 11 միլիոն եւրօ պիւտճէ ունեցող ծրագիրի նպատակն է Սիւնիքի մէջ նպաստել միքրօ, փոքր եւ միջին առեւտուրներու մրցունակութեան բարձրացման եւ օժանդակութիւն տրամադրել համայնքային փոքր ենթակառոյցներու վերականգնման համար:

«Գործընկերութիւն յանուն Սիւնիքի. բարելաւուած համայնքային ընկերային ծառայութիւններ» ծրագիրը կը համաֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան կողմէ եւ կը գործադրուի «Մարդը կարիքի մէջ», «Քարիթաս Հայաստան», եւ «Վիննեթ Հայաստան» հասարակական կազմակերպութիւններուն կողմէ: 1,6 միլիոն եւրօ պիւտճէ ունեցող ծրագիրի նպատակն է նպաստել քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ համայնքային իշխանութիւններու միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան միջոցով Սիւնիքի մարզին մէջ կայուն ֆինանսաւորման բնորդներ կիրարկող համայնքային ընկերային ծառայութիւններու ներդրման:

«Նախաձեռնութեան նպատակն է նպաստել Սիւնիքի դիմակայունութեան` աջակցելով Սիւնիքի մարզի կայուն ընկերային-տնտեսական եւ հաստատութենական զարգացման», կը նշեն Եւրոպական Միութենէն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2023, 08:17