Որոնել

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 

Լաւրով. «Կը կարծեմ, որ Լաչինի Միջանցքին շուրջ կացութիւնը մօտ օրէն կը լուծուի»

Ան նշած է, որ 17 յունուարին հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ եւ յիշեցուցած, որ Բերձորի միջանցքը 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութեան համաձայն, պէտք է ազատ ըլլայ բեռներու, քաղաքացիներու եւ փոխադրամիջոցներու երթեւեկին համար:
Ունկնդրէ լուրը

Հայ-ազրպէյճանական սահման Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) առաքելութիւն ուղարկելու մտադրութիւնը տակաւին ուժի մէջ է: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 2022 թուականին ռուսական դիւանագիտութեան գործունէութեան արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Մենք մինչեւ հիմա պատրաստ ենք ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահման», անոր խօսքը կը մէջբերէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Լաւրով աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը կրնայ հակաարդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ Պաքուն ատոր համաձայնութիւն չտայ:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ մենք դաշնակիցներ ենք եւ որ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը ամբողջովին պատրաստ է, հայկական կողմը կը նախընտրէ բանակցութիւններ վարել Եւրոպական Միութեան հետ, որպէսզի այնտեղ երկարաժամկէտ հիմքով տեղակայուած ըլլայ քաղաքային դէտերու առաքելութիւնը: Ատիկա Ազրպէյճանի հետ սահմանն է, եւ, հաւանաբար, եթէ այդ առաքելութիւնը տեղակայուի առանց Ազրպէյճանի համաձայնութեան, ատիկա կրնայ պարզապէս հակաարդիւնաւէտ ըլլալ: Սահմանին վրայ վստահութիւն ստեղծելու փոխարէն ատիկա կրնայ լրացուցիչ գրգռութիւն ստեղծել», ըսած է Լաւրով:

«Մենք դժուարութիւններ ունինք` Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան առնչուած. երբ մեր հայ ընկերները ըսին, որ անհրաժեշտ է ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն ուղարկել Ազրպէյճանի հետ սահման` այնտեղ կայունութիւն ապահովելու համար, մենք երեւանեան վեհաժողովին համաձայնեցանք այս առաքելութեան շրջագիծերուն վերաբերեալ նման փաստաթուղթի շուրջ, սակայն չյաջողեցանք զայն որդեգրել, որովհետեւ հայ գործընկերները սկսան պնդել, որ այս փաստաթուղթը պէտք է բովանդակէ Ազրպէյճանի հասցէին խիստ դատապարտում:

«Բացատրեցինք, որ եթէ դատապարտման մասին կը խօսինք, եթէ հռետորաբանութեան, դիրքորոշում ներկայացնելու մասին կը խօսինք, ապա այստեղ իւրաքանչիւրը ազատ է ընել այն, ինչ որ կ՛ուզէ: Սակայն եթէ կ՛ուզենք ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն ուղարկել, ապա, ըստ երեւոյթին, ատիկա անպայման պայմանաւորուած չէ արտաքին որոշ նշաններով, որոշ յայտարարութիւններով, առաւել եւս կոշտ», ըսած է ան:

Ան նշած է, որ 17 յունուարին հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ եւ յիշեցուցած, որ Բերձորի միջանցքը 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութեան համաձայն, պէտք է ազատ ըլլայ բեռներու, քաղաքացիներու եւ փոխադրամիջոցներու երթեւեկին համար:

«Լաչինի միջանցքը պէտք է երկկողմանի բաց ըլլայ մարդոց, բեռներու համար: Առանձին որոշուած էր, որ այդ միջանցքով զինուորական բեռներ պէտք չէ անցնին: Ազրպէյճանցիները տուեալներ տրամադրած են, թէ հայկական կողմը ականներ տեղափոխած եւ ականապատած է Ազրպէյճանի հետ սահմանակից շրջանները եւ այլն. մեր զինուորականները զանոնք կ՛ուսումնասիրեն: Այնտեղ բազմաթիւ փոխադարձ մեղադրանքներ կան», ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ Ռուսիան յստակ բան մը առաջարկած է. Ռուսիոյ խաղաղապահները բոլոր կարելիութիւնները ունին ստուգելու միջանցքէն անցնող բեռները` արգիլուած ապրանքներու տեղափոխումը կանխարգիլելու համար:

«Տառացիօրէն երէկ կամ նախորդ օր հանդիպած են Ռուսիոյ խաղաղապահները, ազրպէյճանցիները եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչները: Կը կարծեմ` հարցը (միջանցքի բացումը) մօտ օրէն կը լուծուի», ըսած է Լաւրով:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2023, 10:22