Որոնել

2023.01.21   Progetto Zarmanazan

Զարմանազան 2023

«Զարմանազանը» այն վայրն է, ուր սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը հաւաքուին եւ լեզուն հաճոյքով կ՛ապրին:

2023 տարեշրջանի «Զարմանազան»` արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանը, 11 յուլիսէն մինչեւ 6 օգոստոս 2023: Կրնաք արդէն իսկ ձեր դիմումը կատարել:

«Զարմանազանը» այն վայրն է, ուր սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը հաւաքուին եւ լեզուն հաճոյքով կ՛ապրին:

Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.

  • 10-17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
  • 18-24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
    – Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը:

Երեխաները, պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն կամ խառն տարիքային զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, ինչպէս` տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ:

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը` մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ: Երիտասարդներու խումբին մասնակիցները պէտք է միջին մակարդակով հայերէն գիտնան:

Այս երկու ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է: Դիմելու եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք`  www.zarmanazan.com

Ինչ կը վերաբերի սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագրին, մէկ մասը տեղի կ՛ունենայ «Զարմանազան»-ի ընթացքին, իսկ միւս մասը առցանց` տարուան ընթացքին եւ կ՛աւարտի Ինալքոյի (INALCO-Institut National des Langues et Civilisations Orientales) կողմէ վկայագիրով մը: Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՛առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը, թէ՛ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ: Այս ծրագրին միայն 15 ուսուցիչ կարելի է ընդունիլ: Ծրագրին եւ դիմումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին շուտով:

«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին կողմէ` որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին մէկ բաժինը: Կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին համագործակցութեամբ: «Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք` https://gulbenkian.pt/armenian-communities/բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեզի` facebook.com/gulbenkian.armenian.communities

Աղբիւրը `Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2023, 08:28