Որոնել

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի Հարիւրամեայ յոբելեանի նշում Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի Հարիւրամեայ յոբելեանի նշում 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի Հարիւրամեայ յոբելեանի նշում` տարբեր նախաձեռնութիւններով

Սուրբ Գրիգոր վարժարանի հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով, բարձր հովանաւորութեամբ եւ անմիջական աջակցութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նորակազմ Շրջանաւարտից միութիւնը արժանավայել շուքով նշեց իր սիրելի ճեմարանին հարիւրամեայ յոբելեանը` շարք մը նախաձեռնութիւններով:
Ունկնդրէ լուրը

Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը հիմնուած է 1 մայիս 1923-ին, Պէյրութի մէջ, Յիսուսեան միաբանութեան կողմէ:

Առ այդ, վարժարանի հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով, բարձր հովանաւորութեամբ եւ անմիջական աջակցութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նորակազմ Շրջանաւարտից միութիւնը արժանավայել շուքով նշեց իր սիրելի ճեմարանին հարիւրամեայ յոբելեանը` շարք մը նախաձեռնութիւններով:

Արդարեւ, ուրբաթ, 26 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Ժամհուր դպրոցի (նախկին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարան) աշակերտական հանդէսը` նուիրուած Սահակ վրդ. Քէշիշեանին, որուն յաջորդեց Յիսուսեան միաբանութեան հայկական առաքելութեան եւ հայր Սահակ Քէշիշեանին նուիրուած կլոր սեղան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հնագէտ Լեւոն Նորտիկեան, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գրիգոր Թերզեան եւ հայր Րաֆֆի Յովհաննէսեան: Անկէ ետք տեղի ունեցաւ հայր Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հեղինակած եւ հայր Սահակ Քէշիշեանին նուիրուած հատորին գինեձօնը:

Նոյն օրը երեկոյեան, հովանաւորութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, նախագահութեամբ Վարուժ Ներկիզեանի, տեղի ունեցաւ կալա-ճաշկերոյթը` ներկայութեան Յիսուսեան միաբանութեան ներկայացուցիչին, Ժամհուրի նախագահին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի,  երեսփոխաններու, քաղաքական, կրթական, ընկերային եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներու, հոգեւոր հայրերու եւ ճեմարանականներու:Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու վարչութեան նախագահ Ռոպէր Գայսէրլեան արաբերէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի սէրն է, որ մեզ համախմբած է մեծ սիրով, որպէսզի նշենք անոր 100-ամեակը: Հարց տալով, թէ արդեօք ինչո՞ւ բոլորս կապուած ենք մեր դպրոցին` ան հաստատեց, որ պատճառը հայր Սահակ Քէշիշեանն է, որուն սէրը համախմբած է բոլորը, որոնց մէջ վառ է անոր անթառամ յիշատակը: «Հայր Սահակ Քէշիշեան մեզ դաստիարակած է մարդկային արժէքներու գիտակցութեամբ»,  հաստատեց Գայսէրլեան` լուսարձակի տակ առնելով անոր հոգատարութիւնը եւ գուրգուրանքը աշակերտներուն հանդէպ: «Հայր Սահակ Քէշիշեան վախճանած է, սակայն իր գործերը եւ մեզի փոխանցած իր ուղղութիւններն ու ցուցմունքները տակաւին մեզի հետ են եւ պիտի մնան յաւիտեան: Մենք հպարտ ենք, որ իր զաւակներն ենք», եզրափակեց Գայսէրլեան:Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու վարչութեան ատենապետ Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան իր ելոյթին մէջ դիտել տուաւ, որ Յիսուսեան առաքելութիւնը` հայ ժողովուրդին ծառայելու առաջադրանքով, հայահոծ քաղաքներու մէջ բացած է դպրոցներ, սակայն Հայոց ցեղասպանութիւնը եկած է կացինահարելու հայ կեանքին հետ` Յիսուսեան առաքելութիւնը: Ան յայտնեց, որ վերապրելու եւ վերականգնելու անկոտրում կամքով, Լիբանանի մէջ վերընձիւղեցաւ հայ կեանքը, ինչպէս նաեւ Յիսուսեան առաքելութիւնը` շնորհիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին, որուն պատմութեան մէջ իր անջնջելի դերակատարութիւնը ունի անոր երկարամեայ նուիրեալ տնօրէնը` տիպար հոգեւորական, առաքինի քրիստոնեայ մտաւորական հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեան: Ան իր անձնական օրինակով անջնջելի տպաւորութիւն ձգած է իր շրջապատին,  միաբանակիցներուն եւ աշակերտներուն վրայ: «Պարագաներու բերումով գտնուեցանք տարբեր վայրեր, ճաշակեցինք ուրախ եւ դառն օրեր, սակայն մեր մտքին, սրտին եւ զգացումներուն մէջ, իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ կազմաւորուած ճեմարանը մնաց առաջնորդող փարոս, կեանքի ուղեգիծ, ներշնչման աղբիւր եւ ամէնօրեայ ապրում»,  եզրափակեց Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան: (Խօսքին ամբողջութիւնը` թղթակցութեան աւարտին):

Օրուան նախագահ` Վարուժ Ներկիզեան,  ֆրանսերէն լեզուով արտասանած իր սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի հիմնադրութեան հարիւրամեակը` մաղթելով անոր յարատեւ վերելք: Ան նաեւ վեր առաւ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի վաստակը վարժարանի նկատմամբ:

Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան խումբ մը երգիչներ, նաեւ «Գարուն» պարախումբը ճոխացուց մթնոլորտը:

27 մայիսին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս.  պատարագ, զոր մատուցեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք: Ներկայ էին քաղաքական դէմքեր, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Յիսուսեան միաբանութեան հոգեւոր հայրեր, բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Պատարագի աւարտին Ժամհուր դպրոցին մէջ կատարուեցաւ հայր Սահակ Քէշիշեանին նուիրուած թանգարան-ցուցափեղկին եւ քանդակին բացումը, որուն իր աջակցութիւնը բերաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գրիգոր Թերզեան:

Ստորեւ` Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեանի խօսքը:

Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի հարիւրամեայ յոբելեանի այս հանդիսաւոր պահուն, հրապարակաւ կու գանք մեր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելու ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, որ` ընդառաջելով Շրջանաւարտից միութեան ջերմ փափաքին, բարեհաճեցաւ բարձր հովանաւորութիւն եւ անմիջական աջակցութիւն ցուցաբերել մեզի:

Յիսուսեան առաքելութիւնը` հայ ժողովուրդին ծառայելու առաջադրանքով, հայաշատ քաղաքներու մէջ դպրոցներ բացած է: Մեծ եղեռնը եկաւ կացինահարելու ինչպէս հայ կեանքը, այնպէս ալ` Յիսուսեան առաքելութիւնը:

Վերապրելու եւ վերականգնելու անկոտրում կամքով, հայ կեանքը վերընձիւղուեցաւ Լիբանանի այս գեղածիծաղ ափերուն: Հայութեան հետ վերընձիւղեցաւ նաեւ Յիսուսեան առաքելութիւնը` յանձինս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին:

Ճեմարանի պատմութեան եւ տարեգրութեան մէջ իր անջնջելի տեղն ու դերը ունի անոր երկարամեայ անխոնջ նուիրեալ տնօրէնը` անբասիր եւ տիպար հոգեւորական, առաքինի Քրիստոնեայ, մեծ հայ եւ ներհուն մտաւորական Սահակ վրդ. Քէշիշեանը: Ան իր անձնական օրինակով անջնջելի տպաւորութիւն ձգած է իր շրջապատին եւ աշակերտներուն վրայ: Հայր Սահակ վարդապետին ձեռնասունները, ճեմարանականները, ցրուած` աշխարհի 4 ծագերուն, որոշադրիչ դերակատարութիւն ունեցած են մեր ազգային, հոգեւոր ու հասարակական կեանքի տարբեր բնագաւառներու մէջ:

Ճեմարանի հարազատ յարկէն, մանկութեան ու պատանեկութեան երանելի օրերէն պահպանուած քաղցր յուշերը միշտ թարմ կը մնան իւրաքանչիւր ճեմարանականի սրտին եւ զգացումներուն մէջ:

Կեանքի բնական ընթացքով եւ պայմաններու ու պարագաներու բերումով, գտնուեցանք տարբեր վայրեր, ապրեցանք կեանքի շատ մը վերիվայրումներ, ճաշակեցինք ուրախ եւ դառն օրեր, բայց մեր մտքին, սրտին ու զգացումներուն մէջ մեզ իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ կազմաւորած ճեմարանը մնաց առաջնորդող փարոս, կեանքի ուղեգիծ, ներշնչման աղբիւր եւ ամէնօրեայ ապրում:

Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր ճեմարանին եւ անոր սկզբունքներուն:

Աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած ճեմարանականները համախմբելով, Շրջանաւարտից միութիւնը կ՛առաջադրէ ընթանալ ճեմարանի գծած ուղիով եւ սկզբունքներով:

Միութեան աշխատանքները, առաջին հերթին, կեդրոնացած են, հայր Սահակ Քէշիշեանի գրական պատկառելի վաստակի հաւաքման, խմբագրման եւ հրատարակութեան ուղղութեամբ:

Մեզի համար Հայր Սահակ մեր օրերուն ապրած սուրբ էր:

Այս մեկնակէտով, միութիւնը կ՛առաջադրէ աշխատանք տանիլ անոր սրբադասման ի խնդիր:

Հարիւրամեակի այս յոբելեանի բարեբաստիկ առիթով համախմբուեցանք` չէզոքացնելով տարիներու հեռաւորութիւնը, սակայն աւաղ, չգտանք մեր սիրելի տնօրէնը, ուսուցիչները եւ խնկելի ծնողները, որոնք յոբելեանական այս ձեռնարկին մեծագոյն բացակաները եղան եւ երկինքէն մասնակից դարձան մեր խնդութեան:

Երախտագիտութեան անհուն սիրով եւ ամենաքաղցր անթառամ յիշատակներով, քրիստոնէական մեր սուրբ հաւատքով, կամքով ու քաջութեամբ նուաճենք նորանոր վերելքներ եւ ընթանանք դէպի նոր հարիւրամեակ:

Վարձքերնիդ կատա՛ր, յաղթական եւ զինուորագրեալ նուիրեալներ, երկինքէն եւ երկրէն մեզի սատար հանդիսացած, մտատիպար դարձած, մեր կեանքի ուղին լուսաւորած երանելիներ եւ սիրելիներ:

Յաւերժ ապրիր իմ մանկութեան սուրբ օրրան, ինծի համար լոյսի աղբիւր, հաւատքի խորան եւ մարդակերտումի դարբնոց հանդիսացած իմ երկրորդ քաղցրիկ տուն, իմ Ճեմարան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2023, 09:13