Որոնել

FILES-AZERBAIJAN-ARMENIA-KARABAKH-CONFLICT-LACHIN

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կրկին կոչ ուղղած է ապահովելու Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը

Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կ՛ապահովէ էական մարդասիրական աջակցութիւն եւ պաշտպանութիւն անոնց, որոնց անիկա անհրաժեշտ է` չէզոքութեան, անկախութեան եւ անաչառութեան մարդասիրական սկզբունքներուն համահունչ:
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական Միութիւնը հաստատապէս կ՛աջակցի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործողութիւններուն` իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայ հիմնական մարդասիրական կազմակերպութիւն: «Արմէնփրես»-ը այս մասին կը տեղեկանայ Եւրոպական Միութեան տարածած հաղորդագրութենէն:

Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կ՛ապահովէ էական մարդասիրական աջակցութիւն եւ պաշտպանութիւն անոնց, որոնց անիկա անհրաժեշտ է` չէզոքութեան, անկախութեան եւ անաչառութեան մարդասիրական սկզբունքներուն համահունչ:

«Լաչինի միջանցքի երկայնքին անոնց աշխատանքը բացառապէս կեդրոնացած եղած է Ղարաբաղի հայ բնակչութեան համար անհրաժեշտ կարիքներու եւ մարդասիրական օգնութեան ապահովման վրայ: Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է ապահովել պայմաններ, որ թոյլ կու տայ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին` շարունակել իր գործունէութիւնը եւ կանխել հաւանական մարդասիրական ճգնաժամը: Եւրոպական Միութիւնը վճռականօրէն կ՛աջակցի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին վճռորոշ դերի իրագործման շրջանին մէջ եւ կը վերահաստատէ իր կոչը Ազրպէյճանին` ապահովելու Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2023, 08:17