Որոնել

 Ստեփանակերտի ամենամեծ հանրախանութը ամբողջութեամբ դատարկ Ստեփանակերտի ամենամեծ հանրախանութը ամբողջութեամբ դատարկ  

Արցախի մէջ մարդկայնական իրավիճակը ժամ առ ժամ կը Վատանայ․ Արցախի ՄԻՊ

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը Ստեփանակերտի ամենամեծ հանրախանութէն (supermarket) հրապարակած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՝երեւի, որ անիկա ամբողջութեամբ դատարկ է։
Ունկնդրէ լուրը

Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը ամբողջութեամբ արգելափակելու հետեւանքով Արցախի մէջ մարդկայնական իրավիճակը ժամ առ ժամ կը վատանայ։ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը Ստեփանակերտի ամենամեծ հանրախանութէն (supermarket) հրապարակած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՝երեւի, որ անիկա ամբողջութեամբ դատարկ է։

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է, որ սնունդի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու բացակայութիւնը տառապանքներ կը պատճառէ 120 հազար մարդու, ներառեալ՝ 30 հազար երեխայի։

«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը կը հաղորդէ՝ փաստաթղթաւորելով աղէտալի մարդկայնական հետեւանքները եւ խնդրելով միջազգային անյապաղ միջամտութիւն»,- գրած է Ստեփանեան։

Նշենք, որ ազրպէյճանը 2022 թուականի Դեկտեմբերէն փակ կը պահէ Արցախը Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհը՝ Բերձորի միջանցքը․ նախ ատիկա կը կատարուէր կեղծ բնապահպաններու ցոյցով, իսկ այնուհետեւ ազրպէյճանը անցակէտ տեղադրեց միջանցքին վրայ, որ այս տարուան Յունիս 15-էն ամբողջութեամբ փակուած է։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2023, 10:10