Որոնել

Պաղտատի մէջ ցուցարարներ Շուէտի դեսպանատան դիմաց Պաղտատի մէջ ցուցարարներ Շուէտի դեսպանատան դիմաց  (ANSA)

Ցուցարարներ ներխուժեցին Պաղտատի մէջ Շուէտի դեսպանատուն եւ հրկիզեցին զայն

Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իրաքի մէջ իր դեսպանատան հրկիզումը` իրաքեան իշխանութիւնները պատասխանատու նկատելով դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ անոնց անձնակազմերու պաշտպանութեան համար:

Հարիւրաւոր ցուցարարներ երէկ արշալոյսին ներխուժեցին Պաղտատի մէջ Շուէտի դեսպանատուն` բողոքելով Սթոքհոլմի մէջ Իրաքի դեսպանատան առջեւ Քորանի հրկիզման արտօնման դէմ, որ Սթոքհոլմի մէջ իր տեսակին մէջ իրերայաջորդ երկրորդ դէպքն է:

Ցուցարարները դեսպանատան շէնք մուտք գործելով հրկիզեցին զայն: Անվտանգութեան աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ դեսպանատան անձնակազմը տեղափոխուած է Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն: Իրաքեան իրաւապահ մարմինները ցուցարարները ցրուելու համար օգտագործեցին ջրաշիթ մեքենաներ եւ ելեկտրահար գաւազաններ: Ցուցարարները հակադարձեցին անոնց վրայ քարեր նետելով:

Դէպքը տեղի ունեցաւ Շուէտի մէջ արտօնումէն ետք իրաքեան դեսպանատան առջեւ ցոյցի, որուն ընթացքին կը ծրագրուի Քորանը եւ Իրաքի դրօշը հրկիզել:

Շուէտի վարչապետ Օլֆ Քրիսթերսոն յայտնեց, որ արտօնութիւնը «օրինական է, սակայն ոչ յարմար»:

Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իրաքի մէջ իր դեսպանատան հրկիզումը` իրաքեան իշխանութիւնները պատասխանատու նկատելով դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ անոնց անձնակազմերու պաշտպանութեան համար:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Պաղտատի մէջ Շուէտի դեսպանատան հրկիզման դէպքը:

Իրաքի վարչապետի գրասենեակի պաշտօնատարներէն մէկը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Եթէ Քորանի հրկիզման դէպքը կրկնուի, պիտի խզենք Շուէտի հետ յարաբերութիւնները:

Աւելի ուշ, Իրաք Շուէտի դեսպանէն պահանջեց իր հողերէն հեռանալ, իսկ Սթոքհոլմի մէջ իր դեսպանատան գործավարը տուն կանչեց:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Իրաքի եւ Շուէտի դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2023, 09:41