Որոնել

Եւրոպայի դրօշակներ Եւրոպայի դրօշակներ  (AFP or licensors)

Եւրոպական խորհրդարանի յանձնաժողովը յորդորեց Թուրքիան՝ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Զեկուցումը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` ի շահ հաշտեցման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը 47 թեր եւ 10 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Թուրքիոյ վերաբերող զեկուցումը, որուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

Զեկուցումը կ՛աջակցի Հայաստանի  եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` ի շահ հաշտեցման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան: Անիկա կ՛ողջունէ ցարդ ձեռք բերուած յառաջընթացը եւ երախտագիտութեամբ կը նշէ Հայաստանի վարչապետին ներկայութիւնը Թուրքիոյ նախագահի երդմնակալութեան: Եւրոպացի խորհրդարանականները այս զեկուցումով անգամ մը եւս  կը յորդորեն Թուրքիան՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պահպանել Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

Զեկոյցին մէջ Եւրոպական Միութիւնը այլ կոչով մը կը դիմէ Թուրքիոյ՝ դուրս գալու ներկայ փակուղիէն եւ գտնելու «իրատեսական շրջանակ»՝ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններուն համար: «Եթէ թրքական կառավարութեան կողմէ ընթացքի կտրուկ փոփոխութիւն չըլլայ, ներկայի պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը չի կրնար վերսկսիլ», կը նշուի զեկուցումին մէջ։

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները կը հաստատեն, որ Թուրքիա կը մնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածու, ՆԱԹՕի դաշնակից եւ առանցքային գործընկեր ապահովութեան, առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու եւ գաղթականութեան ոլորտին մէջ` ընդգծելով, որ Թուրքիայէն կ՛ակնկալուի յարգել ժողովրդավարական արժէքները, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդու իրաւունքները, նաեւ կոչ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ՝ վաւերացնելու Շուէտի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕին՝ առանց որեւէ յետաձգման, եւ կ՛ընդգծուի, որ երկրին մէջ ՆԱԹՕի անդամակցելու գործընթացը ոչ մէկ ձեւով կապուած է միւս երկրի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացին հետ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2023, 08:46