Որոնել

Վագիֆ Խաչատրեան Վագիֆ Խաչատրեան 

Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի` Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգման վերաբերեալ յայտարարութիւնը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն չի բացատրեր, թէ որո՛նք, ի՛նչ հիմնաւորումով եւ ինչպէ՛ս «ձերբակալած» են բժշկական դարմանումի կարօտ Խաչատրեանը:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն հաղորդագրութիւն հրապարակեց շաբաթ օր Բերձորի միջանցքին մէջ տեղադրուած ազրպէյճանական անցակէտին մէջ Արցախի 68-ամեայ բնակիչ Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգման վերաբերեալ:

Առանց մանրամասնութիւններ յայտնելու` միջազգային կազմակերպութիւնը միայն կը տեղեկացնէ, որ Բերձորի միջանցքով 15 հիւանդ տեղափոխելու ընթացքին անոնցմէ մէկը «ձերբակալուած է»:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն չի բացատրեր, թէ որո՛նք, ի՛նչ հիմնաւորումով եւ ինչպէ՛ս «ձերբակալած» են բժշկական դարմանումի կարօտ Խաչատրեանը:

Նշելով, որ դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր միջազգայնօրէն ճանչցուած մարդասիրական լիազօրութեան ծիրին մէջ Բերձորի միջանցքով շուրջ 680 հիւանդներ տեղափոխուած են, կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ. «Մենք կ՛աշխատինք թափանցիկ, կը համակարգենք կողմերուն հետ եւ կը գործենք միայն անոնց համաձայնութեամբ: Այսօր այդպէս էր»:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կը հաւաստէ, որ իր ներկայացուցիչները «կարելի եղածին չափ շուտ պիտի այցելեն կալանաւորուած հիւանդին եւ կապի մէջ են անոր ընտանիքին հետ»:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, ներկայացնելով Բերձորի միջանցքին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին մանրամասնութիւնները, հետեւեալը պատմած է. «ՎագիՖ Խաչատրեանին եւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան Ստեփանակերտի գրասենեակի օտարազգի ներկայացուցիչին նստեցուցած են «Նիվա» մակնիշի ինքնաշարժին մէջ, որ ուղեւորուած է դէպի Հակարիի կամուրջի ներքեւի հատուած: Շուրջ 10 վայրկեան ետք «Շեւրոլէ» մակնիշի ինքնաշարժով Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչը վերադարձած է «անցակէտ», իսկ Վագիֆ Խաչատրեանը տարուած է անյայտ ուղղութեամբ: Ըստ վկայութեան, ազրպէյճանցիները Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչին հրելով դուրս հանած են ինքնաշարժէն»:

Ստեփանեան յայտնած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կը կրէ Բերձորի միջանցքով հիւանդներու անվտանգ տեղափոխման պատասխանատուութիւնը, եւ կառոյցէն պահանջած է «իրաւական գնահատական տալ ազրպէյճանական այս յանցագործութեան, ձեռնարկել Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան լիազօրութենէն բխող բոլոր գործողութիւնները` ՎագիՖ Խաչատրեանը Արցախ վերադարձնելու ուղղութեամբ»:

68-ամեայ տղամարդու առեւանգման մասին ահազանգեցին Արցախի պետական նախարարն ու Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Այդ յայտարարութիւններէն ժամեր ետք Պաքուն հաղորդեց, որ ազրպէյճանցի իրաւապահները ձերբակալած եւ Պաքու տեղափոխած են Հայաստան բուժման համար գացող տղամարդը: Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը յայտարարած է, որ «անոր մեղադրանք առաջադրուած է» 2013-ին, զայն կալանաւորելու որոշումը տրուած է, իսկ նոյն թուականին «միջազգային հետախուզում յայտարարուած է»:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան յայտարարած է, թէ ՎագիՖ Խաչատրեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզում գոյութիւն չունի: Ըստ անոր, քաղաքացիի իրաւունքներուն ոչ իրաւաչափ միջամտութիւնը տեղի կ՛ունենայ միջազգային-իրաւական երաշխիքներու եւ չափանիշներու խախտումով:

Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան կը յայտնէ, որ Խաչատրեանի իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ դիմում ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հայկական կողմի «պնդումները անհիմն են», եւ Հայաստանը մեղադրեց «շահագործումներ» կատարելու յանցանքով:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2023, 13:23