Որոնել

2023.07.12 Prof. Richard Hovhannessian

Ոչ եւս է գերազանց պատմաբան եւ գիտնական Փրոֆեսէօր Ռիչըրտ Յովհաննէսեան

Լոս Անճելըսի եւ աշխարհի տարածքին գործող կազմակերպութիւններ կը սգան մահը դոկտ. Ռիչըրդտ Յովհաննէսեանի, որուն կեանքի գործը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ազգային իրականութեան բոլոր երեւոյթներուն վրայ:
Ունկնդրէ լուրը

Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան՝ գերազանց պատմաբանը եւ գիտնականը, որ հեղինակած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ամբողջական պատմութեան քառահատոր կոթողային գործը եւ հիմնած է ու տասնամեակներով վարած «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնը, մահացաւ Երկուշաբթի օր, Լոս Անճելըսի մէջ: Ան 90 տարեկան էր:

Դոկտ. Յովհաննէսեանի մահուան լուրը հաղորդեց հանգուցեալի որդւոյն՝ Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հիմնած՝ Երաւանի մէջ գտնուող Ազգային եւ միջազգային ուսումնասիրութիւններու հայկական կեդրոնը:

Լոս Անճելըսի եւ աշխարհի տարածքին գործող կազմակերպութիւններ կը սգան մահը դոկտ. Ռիչըրդտ Յովհաննէսեանի, որուն կեանքի գործը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ազգային իրականութեան բոլոր երեւոյթներուն վրայ:

Այդ կազմակերպութիւններէն մէկն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ Երեքշաբթի օր իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ զայն անուանեց «ռահվիրայ»:

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ամբողջ Կեանքի Իրագործում» անցեալի մրցանակակիր փրոֆեսէօր Յովհաննէսեան ռահվիրայ մըն էր, որ Հայկական Հարցը բերաւ նոր լոյսի տակ», կ՛ըսէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ՝ աւելցնելով. «Տասնամեակներու ընթացքին, իր բազմաթիւ ակադեմական իրագործումներուն միջոցաւ, ան չափանիշը դրաւ հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան՝ համբաւաւոր ուսումնառութեան հիմնարկներու մէջ: Ան իր ետին կը թողու պատկառելի ժառանգ մը, որ մնայուն ազդեցութիւն ունի բազմաթիւ՝ ներկայի եւ անցեալի սերունդներու վրայ»:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2023, 10:14