Որոնել

Արցախի Ազգային ժողով Արցախի Ազգային ժողով 

Արցախի Ազգային Ժողովը Կը Դիմէ Հայաստանի Հանրապետութեան

Արցախի Ազգային ժողովը կոչը Հայաստանի Հանրապետութեան միջոցներու ձեռնարկելու` խթանելու Արցախի ժողովուրդի արժանապատիւ կեանքի ապահովումը:
Ունկնդրէ լուրը

Արցախի Ազգային ժողովը երէկ կոչով դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան միջոցներու ձեռնարկելու` խթանելու Արցախի ժողովուրդի արժանապատիւ կեանքի ապահովումը:

Արցախի խորհրդարանականները, մասնաւորապէս, կոչ ուղղեցին Երեւանին` անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու` Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ առաքելութիւնը միջազգային լիազօրութեամբ օժտելու համար, սահմանուած ընթացակարգով դիմելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Ընդհանուր ժողովին` առաջարկելով պատշաճ քայլեր կատարել շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ, իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ-երկիրներուն` ընդունելու պարտադիր բնոյթի որոշում (բանաձեւ)` ձեռնարկելով եւ սահմանելով Արցախի մէջ խաղաղութիւն պարտադրելու գործուն միջոցներ:

«Արցախի Հանրապետութիւնը յանձնառու է փրկելու իր ժողովուրդը պատերազմի արհաւիրքէն, վերահաստատելու հաւատքը մարդու հիմնարար իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեծ ու փոքր ազգերու հաւասար իրաւունքներուն նկատմամբ, ուստի այդ կառոյցներէն կ՛ակնկալէ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք կ՛ապահովեն միջազգային իրաւունքի կանոններէն բխող պարտաւորութիւններու հանդէպ յարգանքը, ազատութեան պայմաններուն մէջ խթանել Արցախի ժողովուրդի արժանապատիւ կեանքի ապահովումը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2023, 09:39