Որոնել

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու  ուխտաւորները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու ուխտաւորները  

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորեց ուխտաւորները հետեւողական ջանքեր գործադրելու Արցախահայութեան անվտանգ կեանքի, ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան համար

Վեհափառ Հայրապետը իր սէրն ու օրհնութիւնը բերաւ ուխտաւորներուն եւ իր գնահատանքը փոխանցեց հոգեւոր հովիւներուն արդիւնաւէտ սպասաւորութեան համար:

Յուլիս 11-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի ուխտաւորները` ուղեկցութեամբ Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Մեսրոպ քահանայ Յովսէփեանի եւ Շիգակոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Անդրէաս քահանայ Կարապետեանի:

Տէր Մեսրոպը, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը, ներկայացուց ուխտաւորաբար Մայր Աթոռ ժամանած հաւատացեալները։

Վեհափառ Հայրապետը իր սէրն ու օրհնութիւնը բերաւ ուխտաւորներուն եւ իր գնահատանքը փոխանցեց հոգեւոր հովիւներուն արդիւնաւէտ սպասաւորութեան համար:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր համարեց աշխարհասփիւռ հայոց թեմերէն նման ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը, յատկապէս հայրենիքի համար այս ծանր օրերուն, որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռնէ հաղորդ դառնալու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն։ Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի ուխտաւորները իրենց երկրին մէջ բարձրաձայնելու Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին ու հետեւողական ջանքեր գործադրելու արցախահայութեան անվտանգ կեանքի, ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան համար։

Իր խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նաեւ պատգամեց ուխտաւորները աջակից եւ զօրակից ըլլալու իրենց հոգեւոր հովիւներուն, ճիգ ու ջանք չխնայելու ի նպաստ իրենց համայնքներու զօրացման, երիտասարդ սերունդին մօտ ազգային ինքնութեան պահպանութեան։

Աւարտին՝ Հայոց Հայրապետը պատասխանեց ուխտաւորներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։  

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2023, 08:59