Որոնել

2023.07.15 Setpanagherd manifestazione

«Վիճակը օրհասական է, ամէն յաջորդ օրը` աւելի ծանր». Արցախի մէջ բազմամարդ հանրահաւաք

Հրապարակին վրայ ժողովուրդին հետ էին նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որոնք, սակայն, ելոյթ չունեցան:
Ունկնդրէ լուրը

14 Յուլիսի առաւօտէն սկսեալ, ապաշրջափակման պահանջով Արցախի մէջ իրականացաւ բազմամարդ հանրահաւաք մը:

Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ հաւաքուած արցախցիներուն իր խօսքը ուղղեց պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան` շեշտելով, որ վիճակը օրհասական է, ամէն յաջորդ օրը` աւելի ծանր, արդէն կը վերջանայ վերջին դեղորայքը, մանկապարտէզներուն մէջ ուտելիք գրեթէ չի տրուիր, համայնքները մեկուսացման մէջ են, փոխադրութեան համար վառելանիւթ չկայ, շուտով պիտի դադրի գործելէ շտապ օգնութեան ծառայութիւնը:

Ներսիսեան Վերածնունդի հրապարակի ամպիոնէն Հայաստանին, Ռուսիոյ, միջազգային հանրութեան ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Ձեզ ի՞նչ է անհրաժեշտ, ինչի՞ն էք դուք սպասում: Ուզում էք այս հրապարակում մենք ամէն օր մարդկանց դիակներ ունենա՞նք, որ արձագանգէք: Բաւ է մեր ժողովրդի կեանքի հաշուին Արեւմուտք-Ռուսաստան հակամարտութեան վարումը»:

Հրապարակին վրայ ժողովուրդին հետ էին նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որոնք, սակայն, ելոյթ չունեցան:

Յարութիւնեան նոյն օրը հրատապ միջոցներու կիրարկման պահանջով նամակներ ուղարկեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան հնչեցուց ահազանգ, թէ սովի իրական սպառնալիք կայ. մէկ ամիսէ ի վեր մարդասիրական բեռ չի մտներ Արցախ: «Մարդու իրաւունքներ ասո՞ւմ էք: Ուրեմն ասէք ինձ`ես ինչպէ՞ս նայեմ այս ժողովրդի աչքերին եւ ասեմ, որ իրենք էլ ունեն իրաւունքներ, թերսնուցման մէջ գտնուող յղի կնոջ աչքերին, որի երեխան կարող է արատներով ծնուել, մայրերի աչքերին, որոնց օրուայ ամենամեծ երազանքն իրենց երեխայի համար մի բուռ միրգ կամ քաղցրաւենիք հայթայթելն է, հերթերում կանգնած հազարաւոր մարդկանց աչքերին, որոնք ժամերով հերթ են կանգնում մի բուռ շաքարաւազ կամ ձէթ ստանալու համար», յայտնեց Ստեփանեան:

Ցուցարարները երթով ուղղուեցան դէպի Կարմիր Խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակը, ապա ռուս խաղաղապահներու տեղակայման վայրը` օդակայանի տարածքին մէջ:

«Ռուս խաղաղապահներին եւս պէտք է ներկայացուի Արցախն ապաշրջափակելու եւ հումանիտար (մարդասիրական) աղէտի ընթացքը դադարեցնելու պահանջ, խնդրանք, որից յետոյ մեր հանդիպումը կը շարունակուի Վերածննդի հրապարակում` գրեթէ ամէնօրեայ ռեժիմով (դրութեամբ)», յայտարարեց Ներսիսեան:

Ցուցարարները վրաններ տեղադրեցին խաղաղապահներու գրասենեակին մօտ, նաեւ՝ Ստեփանակերտի կեդրոնը։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2023, 08:36