Որոնել

2022ի Ռիմինիի միթինկէն պատկեր 2022ի Ռիմինիի միթինկէն պատկեր  (ANSA)

Ռիմինիի 44րդ միթինկը` երկխօսութիւնը խաղաղութեան միակ ճանապարհն է

2023ի Ռիմինիի Միթինկին բնաբանը հրաւէր է վերաբացայայտելու բարեկամութիւնը իր խոր իմաստով, իր կեանք պարգեւով ուժով, վերակառուցելու համար նոր հասարակութիւն մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ Դեսպանատան մէջ` 11 Յուլիսին ներկայացումը կատարուեցաւ «Ժողովուրդներու միջեւ Բարեկամութեան» նուիրուած «միթինկին», որ այս տարի հասած է իր 44րդ փուլին եւ որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20էն 25 օգոստոս 2023ին Ռիմինիի մէջ, «Մարդկային գոյութիւնը անսպառ բարեկամութիւն» բնաբանով ու շատ հարուստ յայտագիրով։

Վերոնշեալ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն քաղաքական, մշակութային ու գիտական աշխարհի անձնաւորութիւններ մինչ հաւաքին փակումը պիտի կատարէ Իտալիոյ նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելլան։

2023ի Ռիմինիի Միթինկին բնաբանը հրաւէր է վերաբացայայտելու բարեկամութիւնը իր խոր իմաստով, իր կեանք պարգեւով ուժով, վերակառուցելու համար նոր հասարակութիւն մը։

Քրիստոնէական փորձառութեան մէջ բարեկամութիւնը մարդուն պարգեւուած ձրի ընկերութիւնն է, որ անհատոյց կը տրուի մարդուն, նուէր` բանալու երջանկութեան մը հորիզոնը, որ հասանելի կը դառնայ, ճշմարտութեան հորիզոնը` որ շօշափելի կը դառնայ, արդարութեան հորիզոնը ` որ փորձառական կը դառնայ, սիրոյ հորիզոնը` որ վերջ չունի: Այս բարեկամութիւնը անսպառ է, քանի որ անսպառ է անոր աղբիւրը:

«Մեր ցանկութիւնն է մեր մտորումներու կենտրոնը դնել բարեկամութիւնը, լաւ և ստեղծագործ յարաբերութիւնները, դրական և կառուցողական յարաբերութիւնները», յայտնեց այս առիթով «Meeting Foundation»-ի նախագահ Պերնհարտ Շոլցը Վատիկան Նիուզի Իտալական բաժնի մեր գործընկեր Ալեսանտրօ Կուարաշիի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին։

«Մենք համոզուած ենք, շարունակեց Ան, որ այս ուշադրութիւնը հրատապ է աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է անհատապաշտութեամբ և գոյութենական միայնակութեամբ և այնպիսի աշխարհաքաղաքական իրավիճակով, ուր չեն պակսիր հին ու նոր հակամարտութիւնները եւ դաժան պատերազմները, նոյնիսկ մեր ցամաքամասին մէջ։ Հանդիպման հիմնական թեման պիտի ըլլայ աշխատանքը, յատկապէս աշխատանքը՝ որպէս ներգաղթեալներու ընդելուզման որոշիչ գործօն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2023, 10:52