Որոնել

Czech writer Milan Kundera dies at the age of 94

Չեխ աշխարհահռչակ գրող Միլան Քունտերա մահացաւ

Միլան Քունտերա կը նկատուի արդի գրականութեան ամէնէն յայտնի ստեղծագործողներէն մէկը, ան մեծագոյն գնահատականի արժանացած շարք մը վէպերու եւ պատմուածքներու հեղինակ է:
Ունկնդրէ լուրը

11 յուլիսին 94 տարեկանին վախճանած է ծագումով չեխ ֆրանսացի գրող Միլան Քունտերան: Այդ մասին կը յայտնէ «Լը Մոնտ» ֆրանսական պարբերականը:

Միլան Քունտերա կը նկատուի արդի գրականութեան ամէնէն յայտնի ստեղծագործողներէն մէկը, ան մեծագոյն գնահատականի արժանացած շարք մը վէպերու եւ պատմուածքներու հեղինակ է:

Անոր ամէնէն յայտնի ստեղծագործութիւնն է «Կեցութեան անտանելի թեթեւութիւնը» վէպը: Միլան Քունտերան զայն գրած է 1982 թուականին: Վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1984-ին:

Իր քաղաքական հայեացքներուն համար Չեխոսլովաքիոյ մէջ հալածանքներու ենթարկուած Քունտերան 1975 տեղափոխուած է Ֆրանսա եւ տարիներ անց սկսած է ֆրանսերէն գրել:

Արտասահման մեկնելէ ետք ան Չեխիա չէ վերադարձած եւ արգելած է իր ստեղծագործութիւնները հրատարակել Չեխիոյ մէջ:

2019 թուականին Քունտերան Չեխիոյ վարչապետ Անտրէյ Պապիշի առաջարկով վերականգնած է քաղաքացիութիւնը, որմէ տասնամեակներ առաջ զրկուած էր Չեխոսլովաքիոյ համայնավար ղեկավարներուն վճիռով:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2023, 07:40