Որոնել

2023.07.13 Proteste a Stepanakert per chiusura corridoio Lachin

Ստեփանակերտի մէջ՝ Լաչինի Միջանցքի ապաշրջափակման պահանջով հանրահաւաք

Հաւաքին համակարգողները յայտնեցին, թէ 15 Յուլիսէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ամբողջական շրջափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը կը թելադրէ քայլերու ձեռնարկել՝ կարելի եղածին չափ արագ Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու համար, որվհետեւ վիճակը հետզհետէ կը ծանրանայ։

«Միջանցքի ապաշրջափակման ժողովրդական շարժման» նախաձեռնող խումբին կողմէ 12 Յուլիսին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ Լաչինի միջանցքի բացման պահանջով հանրահաւաք մը:

«Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ հաւաքին համակարգողները յայտնեցին, թէ 15 Յուլիսէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ամբողջական շրջափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը կը թելադրէ քայլերու ձեռնարկել՝ կարելի եղածին չափ արագ Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու համար, որվհետեւ վիճակը հետզհետէ կը ծանրանայ։

«Մեր ծրագիրն այն է, որպէսզի այստեղ մեծաթիւ մարդիկ հաւաքուեն, որից յետոյ երթով կը շարժուենք դէպի Հակարիի կամուրջ: Դրա համար պէտք է ապահովենք տրանսպորտային (տեղափոխութեան) վառելիքով եւ անվտանգութեամբ, եւ այդ երկու հարցերով էլ պէտք է դիմենք ռուս խաղաղապահներին: Եթէ չանեն, ապա փակելու ենք օդանաւակայանը եւ կտրենք նաեւ իրենց մատակարարումը, ինչպէս մերն է: Առայժմ իրազեկման աշխատանքներ կ՛իրականացնենք, որպէսզի մեծ թուով մարդիկ հաւաքուեն», «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արցախի յեղափոխական կուսակցութեան նախագահ, գործիչ Արթուր Օսիպեան:

Այնուհետեւ հաւաքին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի «Միջանցքի ապաշրջափակման ժողովրդական շարժման» շտաբի տարածքը, ուր նախաձեռնող խումբը յայտնեց, որ պիտի դիմեն նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն` աջակցութիւն ցուցաբերելու հաւաքի նպատակներու իրականացման:

Ըստ «Լրագիր»ի՝ աւելի ուշ, Step1.am-ինհետ զրոյցի մը ընթացքին Օսիպեան նշեց, որ բանակցութիւններէն ետք կառավարութիւնը խոստացած է երթեւեկ ապահովել, որպէսզի շրջաններէն արցախցիները ուղղուին Ստեփանակերտ` մասնակցելու խաղաղ անհնազանդութեան երթին:

Ըստ անոր՝ իշխանութիւնները ժամանակ խնդրած են մինչեւ 15-16 Յուլիս։ Միաժամանակ շարժումը պիտի յայտարարէ յաջորդ հանրահաւաքին ժամը եւ վայրը։ Յոյս կայ, որ իշխանութիւնները պիտի միանան ժողովուրդին, եւ հանրահաւաքը պիտի ըլլայ համապետական ​​մակարդակով:

Գնահատելով առաջին օրուան պատկերը՝ Օսիպեան ընդգծեց, որ արդիւնքները ակնկալուածէն լաւ են այն առումով, որ վերջապէս երկրի ղեկավարութիւնը նոյնպէս եկաւ այն որոշման, որ անհրաժեշտ է նպատակներուն հասնիլ զանգուածային ժողովրդական շարժման միջոցով: «Իսկ մենք այսօրուայ համար ունենք մէկ նպատակ` ապաշրջափակել միջանցքը, ապաշրջափակել Արցախը», շեշտեց ան:

«Լրագիր»ը կը այտնէ, որ Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան նախագահական նստավայրին մօտ դուրս ելաւ եւ մօտեցաւ ցուցարարներուն եու անոնց ընկերակցեցաւ նախագահին հետ բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին բարձրացուեցաւ մարզերէն երթեւեկի եւ յաջորդ հանրահաւաքին իշխանութիւններուն` ժողովուրդի հետ միասին մասնակցութեան հարցը:

Ներսիսեան ըսաւ, որ կը կարծէ, թէ «իրավիճակից դուրս գալու միակ ելքը` համախմբուած համաժողովրդական շարժումն է»:

«Բոլորն ունեն ընդհանուր կարծիք, եւ բոլորը հասկանում են, որ համաժողովրդական շարժումը միակ ելքն է այս իրավիճակից: Ուստի բոլորը, անկախ զբաղեցրած պաշտօնից ու կոչումից, պէտք է միանան համապետական ​​ակցիային (շարժումին): Ստեղծուած իրավիճակում համազգային շարժմանը մասնակցելու է ողջ ժողովուրդը մէկ անձի պէս», շեշտեց Ներսիսեան։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2023, 08:00