Որոնել

Վիլնիուսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը Վիլնիուսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը  (REUTERS)

Վիլնիուսի մէջ պաշտօնապէս ընթացք առաւ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը

Վեհաժողովի ընթացքին մասնակից երկիրները կը նախատեսեն որդեգրել շարք մը որոշումներ, որոնց շարքին` Եւրոպայի մէջ իրենց զինուորական ներկայութեան ուժեղացման եւ դաշինք` Շուէտի մուտքին, դաշինք` Ուքրանիոյ մուտքի կարելիութեան, ինչպէս նաեւ Քիեւին աջակցելու վերաբերեալ:

Երէկ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ պաշտօնապէս ընթացք առաւ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ բացման արարողութեան ընթացքին յայտնեց. «Այսօր մենք պիտի տանք բազմաթիւ որոշումներ, որոնք պիտի ամրապնդեն մեր դաշինքը»:

Վեհաժողովի ընթացքին մասնակից երկիրները կը նախատեսեն որդեգրել շարք մը որոշումներ, որոնց շարքին` Եւրոպայի մէջ իրենց զինուորական ներկայութեան ուժեղացման եւ դաշինք` Շուէտի մուտքին, դաշինք` Ուքրանիոյ մուտքի կարելիութեան, ինչպէս նաեւ Քիեւին աջակցելու վերաբերեալ:

Այսօր վեհաժողովի ծիրին մէջ նախատեսուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հանդիպումը:

«Ենի Շաֆաք» հաղորդեց, որ երէկ Վիլնիուսի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի միջեւ դռնփակ հանդիպում տեղի ունեցած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2023, 08:45