Որոնել

Արցախի եւ Ատրպէճանի սահմանագիծ Արցախի եւ Ատրպէճանի սահմանագիծ  (AFP or licensors)

Հակահայկական այլատեացութիւնը եւ ցեղապաշտութիւնը Ատրպէյճանի մէջ 2022. Ահազանգ՝ ցեղային զտման վերաբերեալ

2022ին, Ատրպէյճանի ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը առաւել սրեցաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ։

Հրապարակուած է «Հակահայկական այլատեացութիւն եւ ցեղապաշտութիւն Ատրպէյճանի մէջ 2022» զեկոյցը, որ ահազանգ է Արցախի մէջ ցեղային զտման վերաբերեալ: Անիկա շարք մը զեկոյցներու շարունակութիւնը եւ նոր հատորն է, որ ցոյց կու տայ Ատրպէյճանի կողմէ հովանաւորուող ցեղապաշտութիւնը` վտանգի տակ դնելով խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:

Զեկոյցին նպատակն է՝ պահպանել ներկայ արձանագրութիւնները եւ բարձրացնել միջազգային իրազեկումը Ատրպէյճանի ղեկավարութեան թշնամական դիրքորոշման վերաբերեալ, որ շարունակաբար կը բացայայտէ հայկական պետականութիւնը ոչնչացնելու եւ հայերը եւ անոնց մշակոյթը տարածաշրջանէն վերացնելու իր վճռականութիւնը:

Զեկոյցը հիմնուած է հանրութեան հասանելի տեղեկատուութեան հաւաքագրման վրայ, որ վերցուած է վստահելի եւ ստուգելի բաց աղբիւրներէ: Անիկա թէեւ կը կեդրոնանայ 2022ի զարգացումներուն վրայ, սակայն կ՛անդրադառնայ նաեւ տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան պատմական նախադրեալներուն եւ նախորդ տարիներուն պատահած միջադէպերուն` ցոյց տալու համար Ատրպէյճանի թշնամական ռազմավարութեան ընթացքը:

2022ին, Ատրպէյճանի ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը առաւել սրեցաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ։

Զեկոյցը պատրաստուած է Հայաստանի մէջ «Թրենսփերընսի ինթըրնեշընլ» փտածութեան դէմ կեդրոնին, Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնարկին, «Իրաւունքների պաշտպանութիւն առանց սահմանների»ին, «Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնադրամ»ին, Հելսինքեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակին, «Յանուն հաւասար իրաւունքների» կազմակերպութեան եւ Արցախի մէջ «Քաղաքացիական Հաբ»ին կողմէ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2023, 08:25