Որոնել

Երեւանի մէջ ցոյցեր Երեւանի մէջ ցոյցեր 

Արցախ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու պահանջով ցոյց՝ Երեւանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին առջեւ

Ցոյցին նախաձեռնողները յոյս ունին, որ միջազգային հեղինակաւոր կառոյցը առնուազն մարդասիրական փոխադրութիւններ կը հասցնէ Արցախ:

Արցախ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու պահանջով, Երեւանի մէջ խումբ մը քաղաքացիներ 19 Յուլիսին եւս հաւաքուեցան Հայաստանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին առջեւ:

Նախաձեռնող խումբը տեղւոյն վրայ կը հաւաքէր ձէթ, մաքարոնի տեսակներ, ձաւարեղէն, մանկական ուտելիք եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ, որոնք արդէն աւելի քան ամիսէ մը իր վեր պաշարուած Արցախի մէջ դժուարութեամբ կը գտնուին կամ արդէն ընդհանրապէս չկան:

Ցոյցին նախաձեռնողները յոյս ունին, որ միջազգային հեղինակաւոր կառոյցը առնուազն մարդասիրական փոխադրութիւններ կը հասցնէ Արցախ:

«Այսօրուանից սկսում ենք հաւաքել պարէն, որի ամբողջ ցանկն արդէն հրապարակուած է: Այստեղ ենք լինելու, հաւաքելու ենք եւ փորձելու ենք ՄԱԿին ցոյց տալ, որ մենք հիմա հաւաքում ենք, ձեզնից ակնկալւում է ընդամէնը իրականացնել այն, ինչ նախատեսուած է ձեր իսկ կոնվենցիաներով (վեհաժողովներով)», յայտնեց «Բացում» նախաձեռնութեան համակարգող Անոյշ Յարութիւնեան, ըստ որուն, Արցախի շրջափակումը վերացնելու համար կազմակերպուող զանազան ցոյցերու ներկայիս աւելի մեծաթիւ անձեր կը մասնակցին, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին, որ վիճակը ծայրայեղ ծանր է, հազարաւոր արցախցիներ արդէն կը գտնուին սովի սպառնալիքին տակ եւ եղած պաշարները արագօրէն կը սպառին, ինչ որ ահազանգ կը նշանակէ։

«Շատ-շատերի մօտ փոխուել է ընկալումը, արդէն հասկանում են, որ մէկ-երկու օր դիմանան… բլոկադան (շրջափակումը) տոտալ (ամբողջական) է արդէն, եւ յստակ է, որ երկար ձգել չի լինի», նշեց ան:

Հայաստանի մէջ մնացած արցախցիներ եւս կը մասնակցին ցոյցերուն:

Ստեփանակերտի բնակիչ Սմբատ Յարութիւնեան Ապրիլին Հայաստան եկած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին օգնութեամբ, մայրը Երեւանի մէջ վիրահատութեան ենթարկուած է, տակաւին այլ վիրահատութեան կարիքը ունի, առ այդ, չեն վերադարձած։ «Գտնուելով այստեղ` որոշեցի օգնել: Քանի դեռ ճանապարհն ամբողջովին փակ չէր, ես այստեղից էլի ռուսների միջոցով օգնում էի, բան էի ուղարկում ներքին կարգով», նշեց ան:

Արցախի մէջ մարդիկ միայն ուտելիքով հետաքրքրուած եւ մտահոգ չեն, այլ՝ հիմնականօրէն ապագայով։ Քաղաքացիներէն մէկը, որուն հարազատները 7ամսեայ շրջափակման մէջ են, կը մասնակցի ցոյցին եւ յոյս ունի, որ միջազգային հանրութիւնը սովորական յորդորներու, կոչերու փոխարէն յստակ քայլերու պիտի ձեռնարկէ` հազարաւոր մարդոց կեանքը փրկելու համար: «Պատկերացրէք` երբ խօսում ենք ուտելիքի մասին, ասում են` ոչինչ, ամէն ինչը կարող ենք գտնել, հայթայթել, սնունդն այդքան էլ էական չէ, ամէն ինչին դիմակայում են, միայն թէ չտարհանեն նրանց, միայն թէ հայրենիք չկորցնեն: Սա է իրենց համար միակ խնդիրը», ըսաւ Յարութիւնեան:

Քաղաքացիները նաեւ Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուեցան:

Ցոյցեր տեղի կ՛ունենան նաեւ Ստեփանակերտի մէջ. անոնց միացած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, իսկ 19 Յուլիսին Արցախի խորհրդարանի ղեկավար Արթուր Թովմասեան յայտարարեց, որ ինք եւս կը միանայ։ Ան ուղերձով մը դիմեց միջազգային հանրութեան եւ միջկառավարական կառոյցներուն: Ան Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ստեղծած իրավիճակը համակեդրոնացման ճամբարին հետ բաղդատեց՝ Պաքուի իշխանութիւնները մեղադրելով աննախադէպ բռնութեան, մարդկութեան դէմ զանգուածային յանցագործութեան մէջ:

«Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմից յետոյ, երբ միջազգային հանրութիւնը դատապարտեց եւ միջազգային իրաւունքում ամրագրեց դրոյթներ, որոնք ապագայում բացառում էին ֆաշիստական Գերմանիայի ոճրագործութիւնների կրկնութիւնը, դժուար էր պատկերացնել, որ 21րդ դարում մեր ժողովուրդը կը կանգնի բնաջնջման նոր մեթոդներով` ֆիզիկական ոչնչացման վտանգի առջեւ, եւ այդ ամէնը նոյնիսկ չի արժանանայ միջազգային հանրութեան միջամտութեանը` մարդկային մեծ ողբերգութիւնը կանխելու նպատակով», նշեց ան։

Թովմասեան կոչ ուղղեց միջազգային միջկառավարական կառոյցներուն՝ քրէական դատական մարմին հիմնելու՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

Ան ահազանգեց, որ՝ ապաւինելով խիղճին բոլոր անոնց, որոնցմէ կախեալ է Ատրպէյճանի քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Արցախի հայերուն նկատմամբ մարդկութեան դէմ կատարուած սարսափելի յանցագործութիւնը՝ կանխելու որոշում ընդունին:

Թովմասեան համոզուած է, որ վերը նշուած վտանգներէն խուսափելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է` «Ճանաչում յանուն փրկութեան»  սկզբունքին հիման վրայ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2023, 09:13